2026-ի Մոնտիալի իր առաջին մրցումին, ախոյեան Արժանթին խմբապետ Լիոնել Մեսսիի հետ (39-րդ տարեդարձէն շաբաթ մը առաջ) կրցաւ 3-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսիլ Ալճերիոյ դէմ:
Մեսսի Մոնտիալի գծով իր առաջին հեթ-թրիքը իրագործեց` միանալով Մոնտիալներու պատմութեան առաւելագոյն կոլեր նշանակած Միրոսլաւ Քլոզէի մրցանիշին (16 կոլեր):
Ալճերիա մասնաւոր դժուար մրցակից մը չէր, բայց ինք էր, որ 8-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, որ սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ չվաւերացուեցաւ:
Պէտք է ըսել, որ շատ աւելի փորձառու աշխարհի ախոյեանները ինքնաբերաբար աւելի ինքնավստահ էին եւ կրցան կոլեր նշանակել խումբի մը դէմ, որ հազիւ 2 առիթ եւս ստեղծեց:
Մեսսիի 16 կոլերուն կրնան աւելնալ այլ կոլեր, մանաւանդ որ Արժանթին շատ հաւանաբար քանի մը հանգրուան ալ անցնի:
Այս մրցումէն քանի մը ժամ առաջ, Ֆրանսա 3-1 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Սենեկալի դէմ իր բացման մրցումին:
Առաջին կիսախաղին Սենեկալ շատ աւելի լաւ էր: Սենեկալցիները ցնցեցին Ֆրանսայի բերդին սիւնը եւ այլ առիթով մըն ալ դատարկ կոլ մը դուրս հարուածեցին:
Բ. կիսախաղին Ֆրանսա աւելի վտանգաւոր էր, եւ Մայքըլ Օլիսէի փոխանցումէն ետք Քիլիան Էմպափփէ նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը: Պրատլի Պարքոլա դաշտ ներկայանալէ 2 վայրկեան ետք գեղեցիկ փոխանցում մը ստացաւ Ռապիոյէն` նշանակելով Ֆրանսայի 2-րդ կոլը: Աւելցած վայրկեաններուն Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Իպրահիմ Էմպայէ նշանակեց Սենեկալի կոլը ռմբային հարուածով մը, որմէ վայրկեան մը ետք Էմպափփէ 30 մեթրէն նշանակեց Մոնտիալներուն գծով իր 14-րդ կոլը:
Վստահաբար Էմպափփէ, որուն տարիքը կը ներէ առնուազն Մոնտիալ մը եւս խաղալ, շատ կոլեր պիտի նշանակէ այս ընթացքով:
Նորվեկիա 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Իրաքը: Էրլինկ Հաալանտ, Լէօ Օսթիկարտ եւ Այման Հիւսէյն (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Նորվեկիոյ կոլերը: Նոյնինքն Հիւսէյն 39-րդ վայրկեանին նշանակած էր Իրաքի հաւասարութեան կոլը` 39-րդ վայրկեանին:
Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա սպիտակ հաւասարութեամբ սկսած էր Մոնտիալը Քափէ Վերտէի հետ, մինչ Պելճիքա Եգիպտոսի հետ ալ հաւասարութիւն արձանագրած էր օր մը առաջ, օր մը, երբ հաւասարութիւններով աւարտեցան մրցումները: Սէուտական Արաբիա 1-1 արդիւնքով հաւասարած էր Ուրուկուէյի հետ, իսկ Իրան` Նոր Զելանտայի հետ:
Աւստրիա իր առաջին մրցումին բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Յորդանանի դէմ, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Մոնտիալին:
21-րդ վայրկեանին Ռոմանօ Շմիթ նշանակեց Աւստրիոյ առաջին կոլը, բայց Ալի Օլուան նշանակեց Յորդանանի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումի վերջին 15 վայրկեաններուն Եազան Արապ (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Մարքօ Սռնաութովիչ (102-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Աւստրիոյ 2 կոլերը, որոնց շնորհիւ Աւստրիա միացաւ Արժանթինի, 10-րդ խմբակի առաջին դիրքին վրայ:
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Չեխիա պիտի մրցի Հարաւային Ափրիկէի դէմ, ապա աւելի ուշ` ժամը 10:00-ին, Զուիցերիա պիտի մրցի Պոսնիոյ դէմ:
Գիշերուան ժամը 1:00-ին, Քանատա պիտի մրցի Քաթարի դէմ, իսկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին Մեքսիքա` Հարաւային Քորէայի դէմ: