Հայաստանի թենիսի հաւաքականը յաջողութեամբ սկսաւ «Տէյվիս» բաժակի եւրոպական գօտիի Դ. խմբակի իր մրցումները:
Առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անտորրան:
18 տարեկան Դաւիթ Պօղոսեան յաղթեց Փապլօ Քարասքոսային 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով:
18 տարեկան Միքայէլ Աւանէսեան ամրապնդեց Հայաստանի առաւելութիւնը` երկու սեթով յաղթելով Էրիք Սերվոս Նոկերին` 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով:
Զոյգերու մրցումներուն, 18 տարեկան Սամուէլ Աղայեան եւ Աւետիք Ղազարեան նոյնպէս յաղթանակ արձանագրեցին: Հայ զոյգը պարտութեան մատնեց Քարասքուքա – Սերվոս Նոկեր զոյգը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: