Պըրրի. «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկային Եւ Իրանին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յայտարարուած փոխըմբռնման յուշագիրը:

Ան նաեւ բարձր գնահատեց այն ջանքերը, զորս Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան ու Եգիպտոսը թափեցին` «հասնելու համար այս փոխըմբռնման, որ շրջանին մէջ, ներառեալ Լիբանանը, ապահովութեան ու կայունութեան յենարաններու հաստատման կէտեր կը պարունակէ»:

Պըրրի շնորհակալութիւն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Իրանին, Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց ղեկավարութիւններուն` «համաձայնեցուած յուշագիրին մէջ Իսրայէլի ամբողջ Լիբանանի վրայ յարձակումը դադրեցնելու հիմնարար եւ պարտադիր կէտ ներառելու անոնց հաւատարմութեան եւ պնդման համար` այնպէս, որ պահպանուի անոր ամբողջ տարածքին նկատմամբ գերիշխանութիւնը, եւ այնպէս, որ չհակասէ անոր ազգային ու գերիշխան որոշումին անկախութեան ու ազատութեան եւ չիյնայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ իսրայէլեան քաղաքական մակարդակի վրայ լարուած թակարդը»:

 

Leave a Comment