Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Ապահովելու Համար»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստի սկիզբը յայտարարեց. «Լիբանանին պարտադրուած պատերազմի սկիզբէն ի վեր, լիբանանեան կառավարութիւնը շարունակ գործեց զայն դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ Իսրայէլը ետ կանգնեցնելու համար: Եւ այսօր, կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գոյացուցած զինադադարի յայտարարութիւնը կը յաջողի վերջ տալու այս պատերազմին, սպանութիւնը, քանդումը, տեղահանութիւնը եւ լիբանանցիներու հասած մնացեալ աղէտներն ու ցաւերը դադրեցնելու: Այստեղ չեմ կրնար անկեղծօրէն շնորհակալութիւն չյայտնել բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս արդիւնքի ձեռք բերման»:

«Մենք Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի բազմապատկենք ջանքերը` մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն ու մեր գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար: Կառավարութիւնը նաեւ անցնող ամիսներուն աշխատանք տարաւ ամբողջ ներուժը զօրաշարժի ենթարկելու` տեղահանութեան տագնապին դարմանման համար: Մինչ անհամբեր կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ապահով ու արժանապատիւ կերպով վերադառնայ իր քաղաքները եւ գիւղերը, պիտի բազմապատկենք մեր եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ մեր ջանքերը` վերաշինութեան համար անհրաժեշտ եղող ամէն ինչի ապահովման համար», նշեց Սալամ:

 

Leave a Comment