Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց. «Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ Ամերիկան կա՛մ իր խոստումները յարգելու կամքը չունի, կա՛մ ալ ատոր կարողութիւնը չունի. վարչակարգին կանաչ լոյս տալը որեւէ զիջում պիտի չապահովէ: Բարի ոստիկան, վատ ոստիկան խաղը ժամանակավրէպ դարձած է»:
«Եթէ քու խոստումներդ յարգելու կամքն ու կարողութիւնը չունիս, այս հոլովոյթը շարունակելու մասին կարելի չէ խօսիլ», աւելցուց Քալիպաֆ: