Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Պէյրութի վրայ յարձակումը պէտք չէր տեղի ունենար, մանաւանդ իւրայատուկ օրուան մը ընթացքին, երբ մենք Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու եզրին կը գտնուինք»:
«Իսրայէլ ինքզինք սպառնալիքներու դէմ պաշտպանելու իրաւունքը ունի, սակայն յարձակումը, որուն հակադարձեց, չափազանց սահմանափակ եւ անկարեւոր էր, որեւէ վիրաւոր եւ զոհ չպատճառեց, եւ պէտք չէ այս կարեւոր հոլովոյթը խանգարէ: Մենք եզրին կը գտնուինք հասնելու համաձայնութեան մը, որ շրջանին, ներառեալ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ, եւ բոլոր կողմերը պէտք է կրակոցը դադրեցնեն»:
«Իսրայէլ պէտք չէ Լիբանանի մէջ որեւէ վայրի վրայ որեւէ այլ յարձակում շղթայազերծէ, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ կողմ պէտք չէ շղթայազերծէ, ներառեալ Հըզպալլան պէտք չէ Իսրայէլի վրայ որեւէ այլ յարձակում գործէ: Ասիկա կրնայ երկարատեւ ու գեղեցիկ խաղաղութեան մը սկիզբը ըլլալ, ուստի պահպանենք զայն», նշեց Թրամփ: