Իսրայէլեան բանակը երէկ օդային յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` թիրախաւորելով Ղպէյրի շրջանի մերձակայքը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ իսրայէլեան բանակը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլային պատկանող թիրախ մը ռմբակոծած է` հակադարձելով իսրայէլեան հողերու ուղղութեամբ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերուն:
«Իսրայէլ իր հողերուն վրայ հրթիռարձակումը պիտի չարտօնէ», աւելցուցին անոնք:
Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ օդային յարձակումը կատարուած է «Հըզպալլայի մեր հողերուն ուղղութեամբ օդային թիրախներ արձակելէն ետք»` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք մեր հողերուն ու ուժերուն դէմ որեւէ սպառնալիք ոչնչացնելու աշխատանքը` քաղաքական ղեկավարութեան ցուցմունքներուն համաձայն»:
Բանակը ըսաւ, որ յարձակումի թիրախը Հըզպալլայի մէկ կեդրոնատեղին էր, որ կ՛օգտագործուէր «մեր քաղաքացիներուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող մեր ուժերուն դէմ ահաբեկչական ծրագիրներ յառաջ մղելու համար»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի հաղորդակցութիւններու բաժանմունքէն սպայ մըն էր:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը գործած են երկու ռմբաձիգներ, որոնք 4 հեռակառավարուող հրթիռներ արձակած են:
Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը հաղորդած էր, որ կիրակի օր երկու անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են Լիբանանի սահմանին մօտ արեւմտեան Գալիլիոյ շրջանին մէջ: Դէպքը պատահած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ սպասուող համաձայնութեան ենթահողին վրայ շրջանային կացութեան քննարկման համար Իսրայէլի վարչապետին գումարելիք ժողովէն առաջ:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, վերջին երկու օրերուն ընթացքին 4 անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են Իսրայէլի մէջ:
Նախքան Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ յայտնեց, որ Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլի գիւղերուն ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքերու արձակումը Նեթանիահուի յայտարարած հաւասարակշռութիւնը փորձելու համար է, ուստի պէտք է այդ հաւասարակշռութիւնը խստութեամբ կիրարկել:
«Պէտք է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ շէնքեր վար առնել` հակադարձելով հիւսիսային գիւղերու ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման», աւելցուց ան:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին ըսաւ. «Լիբանանէն իւրաքանչիւր արձակման գործողութեան դիմաց Պէյրութի Հարաւային արուարձանները պէտք է ցնցուին»:
«Հըզպալլայի 1000 անդամներ` իսրայէլացի զինուորի մը մազի մէկ թելին դիմաց», ըսաւ ան:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով` նախնական տուեալներով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 4 վիրաւոր:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հարց տուաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ կեցուածքը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ այսօր Իրանի հետ համաձայնութեան ստորագրութիւնը յայտարարեց, եւ ահա Իսրայէլ նոյն օրը Պէյրութը կը ռմբակոծէ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի, անդրադառնալով Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին, ըսաւ. «Պէտք է սխալ հաշիւ չկատարենք: Նոյնիսկ եթէ համաձայնութիւն կամ փոխըմբռնում կ՛ուզենք, ատոր ուղին Իսրայէլը կրթելն է»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց. «Կարգ մը դէտերու կարծիքով` յարձակումին ընտրուած ժամը զուգադիպութիւն չէ, եւ անոր նպատակը յղելն է այն պատգամը, թէ Իսրայէլ պատրաստուող դասաւորումներուն ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ իր ազատ գործունէութեան սահմանափակումը պիտի չընդունի»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բիւրեղացող համաձայնութիւնը խանգարելու իսրայէլեան յստակ փորձ է:
Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան յարձակումը պիտի բարդացնէ Իրանի հետ ընթացող բանակցութիւնները:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մօտիկ ալիքներ հաղորդեցին. «Իրանեան հակադարձութիւնը անխուսափելի է, եւ քանի մը ժամէն երկինքէն դարձեալ հրթիռներ պիտի տեղան»: