Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը, Իրան համաձայն կը գտնուի պահպանելու ներկայ հիւլէական կացութիւնը, ներառեալ իւրանիոմ չհարստացնել կամ հիւլէական կառոյցները չընդլայնել»:

Պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան ըսած է. «Նախագիծին համաձայն, Ամերիկան կը համաձայնի ապասառեցնել մեր սառեցուած գումարներէն 25 միլիառ տոլար, ներառեալ գումարներու ուղղակի փոխանցումները, շրջանի պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ ֆինանսական ապահովագրման գիծերը, եւ Իրան անմիջապէս բոլոր առեւտրական նաւերուն առջեւ Հորմուզի նեղուցը պիտի բանայ, իսկ Ամերիկան պիտի վերցնէ ծովային շրջափակումը»:

«Յուշագիրի նախագիծին հիմամբ, Ամերիկան որոշ ժամանակով պիտի վերցնէ իրանեան քարիւղին վրայ հաստատուած պատժամիջոցները, ինչ որ Թեհրանին պիտի արտօնէ քարիւղ վաճառել եւ եկամուտ ապահովել», նշեց ան:

«Փոխըմբռնման յուշագիրի նախագիծին հիմամբ Ամերիկան համաձայն գտնուեցաւ, որ նուազեցնենք Իրանի մէջ բարձր համեմատութեամբ հարստացուած իւրանիոմի պահեստը, եւ մեքանիզմը պիտի քննարկուի յառաջիկայ 60 օրերուն ընթացքին»:

«Թեհրան համաձայն գտնուեցաւ, որ Ամերիկայի հետ փոխըմբռնման յուշագիրի նախագիծին հիմամբ հիւլէական զէնք պիտի չարտադրէ կամ ձեռք պիտի չբերէ», ըսաւ իրանցի պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Ամերիկա համաձայն կը գտնուի մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը Իրանի վրայ նոր պատժամիջոցներ չհաստատելու»:

Աղբիւրներ սէուտական «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ պիտի գումարուի Փաքիստանէն եւ Քաթարէն միջնորդներու ներկայութեամբ առցանց ժողով մը` ստորագրելու համար խաղաղութեան համաձայնութիւնը»:

«Առցանց ժողովի ընթացքին (Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.) Վանսի եւ (Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր) Քալիպաֆի ներկայութեամբ պիտի ստորագրուի», նշեցին աղբիւրները:

Աղբիւրները նաեւ «Արապիա»-ին յայտնեցին. «Համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք Հորմուզի նեղուցը պիտի բացուի, նաւերու առանց տուրքի անցումը պիտի արտօնուի եւ իրանեան նաւահանգիստներուն դէմ հաստատուած շրջափակումը պիտի վերցուի»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը կ՛երկրորդէ «Արապիա»-ի հաղորդած տեղեկութիւնները:

Կայքին զրուցակիցները նշած են, որ ստորագրութիւնը առցանց ձեւաչափով կատարելու որոշումը տրուած է գումակային պատճառներով: Առանցքային դարձած է այն, որ առերես հանդիպումի պարագային ամերիկեան բանակցային խումբը գլխաւորող Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսը չէր հասներ վերադառնալ հայրենիք, նախքան պետութեան ղեկավար Տանըլտ Թրամփի Ֆրանսա` «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար երկուշաբթի առաւօտեան մեկնումը:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ քաթարցի բանագնացներ կիրակի առտու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան վերջին դասաւորումները կատարելու ջանքերու ծիրին մէջ Թեհրան մեկնած են:

Leave a Comment