Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքէն ղեկավարներուն հետ, իսկ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ պիտի մասնակցի աշխատանքային նիստի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնած են Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները:
Անոնք յայտնած են, որ Թրամփը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի ղեկավարներուն հետ:
Զելենսքիի հետ երկկողմանի հանդիպում նախատեսուած չէ, սակայն երկու ղեկավարները կրնան վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպիլ: