Ըմբշամարտ. Ծառուկեան Եւ Յարութիւնեան Յաղթանակներ Կերտեցին

«Ռաֆ 10» մրցաշարքի մրցումները տեղի ունեցան երէկ առաւօտեան ժամերուն, երբ Արման Ծառուկեան եւ Արսէն Յարութիւնեան յաղթանակներ արձանագրեցին մրցումի աւարտէն առաջ իսկ:

Սէյնթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած «Ռաֆ»-ի մրցաշարքի երեկոյին, Ծառուկեան Թոնի Ֆերկուսընը երկու անգամ գետին բերաւ եւ 10-0 արդիւնքով միակողմանի յաղթանակ մը տարաւ:

«Ռիլ Ամերիքըն ֆրիսթայլ» լիկային («Ռաֆ») գծով Արման Ծառուկեանի 6-րդ յաջորդական յաղթանակն էր այս:

Ծառուկեանի յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան Քոլպի Քովինկթըն, ինչպէս նաեւ ղազախստանցի Քուաթ Համիրով, որոնց հետ մրցումները երկու կարեւոր գօտեմարտեր պիտի ըլլան:

Հանդէս եկաւ նաեւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան (4 անգամ) Արսէն Յարութիւնեան, որ իր առաջին ելոյթը կ՛ունենար այս մրցաշարքին:

Արսէն Յարութիւնեան Արման Ծառուկեանի նման 10-0 արդիւնքով յաղթեց Փուերթօ Ռիքոյի մարտիկ Քէյլեպ Սմիթին:

 

Leave a Comment