Երէկ առաւօտեան ժամերուն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու չորրորդ ճակատումին, Նիւ Եորքի «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն» մարզադաշտը կը հիւրընկալէր Նիւ Եորք Նիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ մրցումը:
2 օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեան, Նիւ Եորք, որ Թեքսասի մէջ առաջին 2 ճակատումներուն յաղթած էր, պարտութիւն մը կրած էր Սփըրզէն:
Երէկ Սփըրզ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ Նիքսի համակիրները այդ զգացումը ունէին, որ ճակատումներու արդիւնքը պիտի հաւասարի:
Կիսախաղին 27 կէտերով յաղթական Սան Անթոնիօ միայն 30 կէտեր կրցաւ նշանակել 3-րդ եւ 4-րդ մասերուն: 76 կէտեր նշանակած Սփըրզ չկրցաւ Նիքսի պաշտպանողական գիծը կտրել, աւելի՛ն` չկրցաւ պաշտպանուիլ:
Շատ տաք էին վերջին երկվայրկեանները, երբ Սփըրզ 106-103 արդիւնքով կը յաղթէր, բայց Նիքս կրցաւ կարեւոր կէտեր նշանակել:
Ճէյլըն Պրանսըն 3 կէտնոց կողով փորձեց նշանակել, բայց յաջող չէր: Վրայ հասաւ Օ. Ճի. Անունոպի, որ երեք կէտնոց կողովը զետեղեց Սփըրզի կողովին մէջ` յաղթանակը նուիրելով Նիքսին` 107-106 արդիւնքով: Ըստ երեւոյթին 1973-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Նիւ Եորք պիտի տօնէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսին տիրանալը:
Պրանսըն 36 կէտ նշանակեց եւ Անունոպի 33 կէտեր աւելցուց ի նպաստ Նիքսի:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի ճակատումներուն ոչ մէկ խումբ նախապէս կրցած էր 29 կէտով ետ մնալէ ետք յաղթել մրցումը: Պարզ փլէյ օֆի մրցանիշը կը պատկանի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի, որ 2019-ին կրցած էր 31 կէտերով ետ մնալէ ետք յաղթել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին:
Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա մրցումի աւարտէն 1,47 վայրկեան առաջ 2 ազատ հարուածներ կորսնցուց, երբ Սան Անթոնիօ 104-103 արդիւնքով կը յառաջանար:
Շաբաթ գիշեր տեղի կ՛ունենայ 5-րդ ճակատումը` Սան Անթոնիոյի դաշտին վրայ: