Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-րդ Ճակատումին Պարտուեցաւ Սաժեսէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան «ֆայնըլ 8»-ի մրցումներուն, չորեքշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը բաւական լաւ սկսելէ ետք Սաժեսի դէմ երկրորդ ճակատումը, Բ. մասին իրաւարարին սխալէն եւ համակիրներու դժգոհութիւններէն ետք կորսնցուց ամէն ինչ… Գնդակին տիրապետելու եւ յարձակումներ կազմակերպելու առումով աններելի սխալներ գործելու թիւը շատ մեծ էր, բան մը, որմէ Սաժես լաւապէս օգտուեցաւ: Աւելի՛ն, խումբի օտարներէն Տիքեմպէ Տիքսըն վիրաւորուեցաւ եւ կարելի չէր պայքարիլ Սաժեսի դէմ:

Ցաւալի օր մըն էր, ուր ոչ մէկ բան յաջողեցաւ: Եգիպտացի սենթըրը փոխարինուած էր Մայքըլ Ուաթքինզով, որ առաջին մասին 3 պլոք կատարեց եւ բաւական լաւ էր, բայց այս ձեւի մրցումի ամէնէն փայլուն աստղը նոյնիսկ կը «կորսուէր»:

Ճորտըն Սթիվընզ 18 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, բայց շատ կարեւոր պահեր աններելի թըրն-օվըրներ կատարեց: Ազիզ Ապտել Մասիհ 12 կէտ նշանակեց, մինչ Ուաթքինզ 12 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տիքսըն 23 վայրկեան կրցաւ մասնակցիլ միայն` նշանակելով 9 կէտ, մինչ Փիթըր Տեքիրմենճեան (6 կէտ) եւ Մոհամետ Հթէյթ (3 կէտ) իրենց կարելին ըրին: Աւելին կը սպասուէր Հթէյթէն, որ իր առաջին ելոյթներուն աւելի տպաւորած էր, քան Սաժեսի դէմ երկու մրցումներուն:

Ի վերջոյ մրցումը վերջ գտաւ 60-106 արդիւնքով, եւ շաբաթ օր խումբերը 3-րդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ կը ճակատին Ղազիրի մէջ:

 

Leave a Comment