Երբ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշեց ախոյեանութեան շարունակութիւնը, ՀՄԸՄ-ի խումբը փորձեր չէր կատարեր: Այլ խումբեր, որոնք միլիոններ թափած էին տարեշրջանի սկիզբէն, վստահաբար կը փորձէին պահել իրենց լիբանանցի մարզիկները: Երբ ճշդուեցաւ վերսկսելու թուականը, փորձերն ալ վերսկսան, եւ ձեռք բերուեցան օտար մարզիկներ, որոնցմէ միայն Ճորտըն Սթիվընզ ծանօթ էր եւ արդէն երրորդ տարեշրջանը կը բոլորէր:
Առաջին մրցումին (վերադարձին) Ռիատիի դէմ ամէն ինչ հեզասահ էր, եւ կարծեցինք, որ Մաքինզի Մուր, Ճորտըն եւ Համատ Ֆաթհի, ինչպէս նաեւ Մոհամետ Հթէյթի անակնկալ փայլուն ելոյթը, Ազիզ Ապտել Մասիհի հետ խումբը շատ լաւ վիճակի մէջ է:
Օրերը փաստեցին, որ միշտ չէ, որ բոլոր մարզիկները իրենց լաւագոյն օրերուն մէջ պիտի ըլլան, եւ պէտք է ընդունիլ, որ այդքան ալ ամբողջական խումբ մը չունինք:
Վստահաբար ուրախ կ՛ըլլայինք, եթէ 1 միլիոն ամ. տոլարի պիւճտէէն պակաս ծախսուած խումբով դրական արդիւնք արձանագրէինք, բայց պէտք է ընդունինք, որ 5 միլիոնի մօտ ծախսող մրցակիցը շատ աւելի աստղեր ունի եւ կրնայ փոխարինել աստղ մը այլ աստղով:
Տակաւին յոյսերը չեն վերացած եւ կարելի է փայլուն ելոյթով մը շաբաթ օր վերստին ուրախացնել համակիրները, որոնք մրցում մը եւս կրնան վայելել Մըզհերի մէջ, եթէ անշուշտ շաբաթ օր Ղազիրի մէջ անակնկալ մը ստեղծենք:
