Հայաստանի Քարաթէի հաւաքականի անդամ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Սուրէն Յարութիւնեան պիտի մասնակցի «Քարաթէ ուան փրեմիեր լիկ-Ռապաթ 2026» մրցաշարքին:
Հայաստանի Քարաթէի ֆետերասիոնը այս լուրը հրապարակած է «Արմենփրես»-ի ճամբով: Հայաստանի քարաթէի մեծերու հաւաքականի մարզիկ Սուրէն Յարութիւնեան, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սերիոժա Մակարեանի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթ` մասնակցելու 12-էն 14 յունիս տեղի ունենալիք պաշտօնական ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Սուրէն Յարութիւնեան կը պայքարի 75 քկ կշիռի կարգին մէջ: