Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Մշակոյթ եւ ազատութիւն» հաստատութեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ընտրանքը կը մնայ պետութիւնը, որովհետեւ անիկա բոլորս կը պաշտպանէ, եւ պէտք է համոզուինք, որ գերիշխան պետութիւն ենք»:
«Ոեւէ պաշտօնեայի վարած պաշտօնը շքեղութիւն չէ, այլ պատասխանատուութիւն. կա՛մ ան պէտք է իր պատասխանատուութեան ու որոշումներուն բարձրութեան վրայ ըլլայ, կա՛մ ալ պէտք է տունը մնայ», ըսաւ ան:
«Հակառակ բանակցութիւններէն հեռանալու ճնշումներուն, անոնցմէ պիտի չհեռանանք, եւ ճամբան պիտի շարունակենք մինչեւ մեր հայրենիքին ի շահ աւարտին հասնինք», յայտարարեց նախագահը:
«Իսրայէլի հետ թշնամանքի վիճակի դադրեցում կը պահանջենք` Իսրայէլի հեռացման, յարձակումներու դադրեցման, մեր բանակի տեղակայման եւ տեղահանուածներու ու գերիներու տունդարձի հիման վրայ», շեշտեց Աուն: