Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւի հետ` երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը քննարկելու համար:
«Քննարկուած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու օրակարգային արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային նիւթեր», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: