Լիբանանցիներուն Ուղղուած Պատգամի Մը Մէջ. Նեթանիահու. «Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Պատերազմին Միացէ՛ք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի պատերազմին միանալու` նշելով, որ Լիբանանը կուսակցութեան մօտ «պատանդ»-ի վերածուած է:

Նեթանիահու տեսագրուած պատգամի մը մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ ձեր դէմ պատերազմի մէջ չէ: Մենք պատերազմի մէջ ենք Հըզպալլայի հետ, որ ձեր երկիրը պատանդ վերցուց: Իսրայէլ ձեր եւ Լիբանանի հետ խաղաղութիւն կ՛ուզէ»:

«Ձեր ապագան կառուցեցէ՛ք, Իսրայէլին միացէ՛ք, մեր բոլոր մանուկներուն համար ապահովութիւն եւ բարգաւաճում կառուցեցէ՛ք: Երբ Հըզպալլան կազմալուծուի, կարելիութիւնները անվերջ եւ շատ հսկայական պիտի ըլլան»:

 

 

Leave a Comment