Իրան – Միացեալ Նահանգներ հակամարտութիւնը կ՛ընթանայ թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ ռազմական ուղիներով միաժամանակ: Որքան ալ կարելի չըլլայ յենիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւններուն վրայ, այդուհանդերձ կար բաժին, որ կը համընկնէր պաշտօնական Թեհրանի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն: Նախագահ Թրամփ համաձայնութեան կայացման քանի մը օրուան մօտալուտ ըլլալուն մասին կը խօսէր, մինչ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը մինչեւ ամսեվերջ կը նախատեսէր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: Զուգահեռ կ՛աշխուժանար բազմամիջնորդական դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն կողմէ:
Այս ընթացքը կը խանգարուէր. փոխադարձ ռազմական գործողութիւններ կ՛արձանագրուէին յատկապէս ծովային տարածքներու վրայ ռազմագիտական եւ ուժանիւթային նշանակութիւն ունեցող դիրքերու վրայ, դիմացը կը հարուածուէին Ծոցի երկիրներուն մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններ եւ յենակէտեր: Իրանի կողմէ ամերիկեան ուղղաթիռին խփումը պատճառ կը դառնար, որ Թրամփ հրահանգ տար սաստկացնելու յարձակումները: Յայտարարելու, թէ ամբողջական վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ իրանեան ուժանիւթին վրայ, այնպէս ինչպէս եղաւ Վենեզուելայի պարագային:
Ապա այստեղ հանգուցային կէտը կամ հակամարտութեան էփիկեդրոնը տեսանելի կը դառնար: Ամբողջական ուժանիւթային վերահսկողութիւն: Վենեզուելա 2 գործողութեան ակնարկելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը բացայայտած կ՛ըլլար նաեւ հակամարտութեան առանցքային շարժառիթը:
Վենեզուելայի գործողութիւնը իրականացաւ, երբ այդ երկիրը իր տնտեսական համագործակցութիւնը նկատառելիօրէն խորացուց Չինաստանի հետ: Սկսած էին արդէն երեւալ հսկայական ծաւալներու հասնող ուժանիւթի գործարքները չինական դրամանիշով իրականացնելու առաջին փորձերը: Ամերիկեան բաժակը յորդած էր այս ձեւով, եւ Ուաշինկթըն յիշած էր, որ Վենեզուելայի մէջ մարդու իրաւունքները չեն յարգուիր, կը գործէ մենատիրութիւն եւ թմրեցուցիչներու արտադրութիւնը նուաճած է նոր մրցանիշեր:
Իրանի պարագային Վենեզուելա 2-ը չյաջողեցաւ: Առ այսօր հակամարտութիւնը կը շարունակուի եւ կողմերը, հակառակ յայտարարութիւններուն, չեն եկած համաձայնութեան ուժանիւթի արտադրութեան նոր գործարքի շուրջ: Իրանեան վարչակարգը կը գործէ, նաւթարդիւնաբերութիւնը տակաւին իրանեան վերահսկողութեամբ կը շարունակուի եւ Հորմուզի հիմնական վերահսկող կը շարունակէ մնալ Թեհրանը: Հետեւաբար պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ հրադադարը կը խախտի, առանց տեղի տալու, որ լայնածաւալային տեսքի վերադարձ կատարուի:
Վենեզուելան ուրեմն Չինաստանին հասած հարուած էր: Եթէ Իրան ուժանիւթի ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատուի Ուաշինկթընի կողմէ, ապա ատիկա Իրանին առընթեր հարուած կ՛ըլլայ նաեւ Չինաստանին:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք է կարդալ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը` պատերազմը շուտափոյթ աւարտելու յորդորով:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն, ուր կոչ կ՛ընէր անյապաղ դադրեցնելու Միջին Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւնները, որոնք սրուած են Իրանի թիրախներուն Միացեալ Նահանգներուն հասցուցած հարուածներով եւ Թեհրանի պատասխան գործողութիւններէն ետք:
Կոչը կը ներառէ նաեւ բաժին, ուր կոչ կ՛ուղղուի անմիջապէս վերադառնալու երկխօսութեան ու բանակցութիւններու սեղանին, արձագանգելու միջնորդ երկիրներու ջանքերուն եւ հնարաւորինս սեղմ վերջնաժամկէտներու մէջ հասնելու համապարփակ ու տեւական հրադադարի: Չինական կողմը նաեւ յատուկ ընդգծած է, որ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պէտք է անվերապահօրէն յարգուին:
Այստեղ կան նրբութեամբ յղուած սլաքներ: Վերաբռնկումի նախաքայլ կատարողը Ուաշինկթընն է, որովհետեւ կ՛ըսուի իրավիճակը սրուեցաւ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ հարուածներ հասցուցին իրանեան թիրախներուն: Երկրորդ կոչ կայ յարգելու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը: Այս պարագային ինքնիշխան որոշումները իրենց բնական պաշարները օգտագործելու: Կամ, այս պարագային, մերժելու Միացեալ Նահանգներու առաջադրած իրանեան ուժանիւթի ամբողջական վերահսկողութիւնը:
Չինական զգուշացում Ուաշինկթընին. կանխարգիլում` Վենեզուելա 2-ին եւ կողմերուն կոչ` անմիջապէս վերադառնալու բանակցային սեղան:
«Ա.»