Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բարեկամական մրցում մը Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին բաւարարուեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Հանդիպումի առաջին կիսախաղը մեծ մասամբ ընթացաւ հաւասար պայքարով Հայաստանի ազգային խումբը քանի մը լուրջ վտանգներ ստեղծեց, բայց յարձակումները եւ առիթները կոլի չվերածուեցան: Հիւրերը նոյնպէս առիթ ստեղծեցին: Մոլտովա մէկ լուրջ առիթ ունէր, բայց Հայաստանի բերդապահը վարպետօրէն զսպեց առանձնացած մարզիկի հարուածը: Իր բերդը անառիկ պահեց Ուրարտուի բերդապահ Ալեքսանտր Միշիեւ, որ իր առաջին ելոյթը կ՛ունենար ազգային խումբին հետ:
Երկրորդ կիսախաղին Հայաստանի հաւաքականը տիրապետեց եւ յստակ առաւելութիւն ունեցաւ մրցակիցին վրայ:
Դաշտ ներկայացած Հրանդ-Լէոն Ռանոս երկու ոսկի առիթներ ունէր բանալու մրցումին հաշիւը, բայց ան չկրցաւ իր նպատակին հասնիլ: Պահ մը ան բերդապահին ալ խաղի բերաւ, բայց յետսապահ մը զսպեց անոր հարուածը վերջին վայրկեանին:
Հանդիպումի վերջին վայրկեանները շատ հետաքրքրական էին: 89-րդ վայրկեանին «Արարատ Արմենիա»-ի ֆութպոլիստներու հիանալի համագործակցութիւնը իր նպատակին հասաւ: 33 տարեկան յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխանցումէն ետք, 22 տարեկան Արթուր Սերոբեան գեղեցիկ հարուածով գրաւեց Մոլտովայի բերդը:
Ուրախութիւնը երկար չտեւեց, եւ յաւելուած վայրկեաններուն, 26 տարեկան Վիքթոր Պոկաչիուք օգտուեցաւ յետսապահներուն պզտիկ սխալէն` նշանակելով հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ 6 յունիսին Մելիքեանի գլխաւորած խումբը նոյն արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Ղազախստանի դէմ:
Այժմ ՖԻՖԱ-ի ազգային խումբերու դասաւորման 106-րդ դիրքը գրաւող Հայաստան իր յաջորդ հանդիպումը պիտի կատարէ աշնան:
25 սեպտեմբերին Հայաստան Ազգերու լիկայի մրցաշարքի առաջին մրցումը պիտի կատարէ Լաթվիոյ դէմ:
Հայաստանի խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Կիպրոս եւ Մոնթենեկրօ, որոնց խաղաոճը շատ կը նմանի Մոլտովայի խաղաոճին, ինչպէս յայտնած էր Մելիքեան: