Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի խումբերու թիւը 10-էն պիտի բարձրանայ 12-ի:
Որոշումը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի առցանց քուէարկութեան ընթացքին: «Փրեմիեր լիկա»-ի նոր տարեշրջանը 12 ակումբներու մասնակցութեամբ կատարելու առաջարկին կողմ քուէարկած են մասնակից 12 անդամները:
Միեւնոյն ժամանակ, նոր տարեշրջանի առանցքային մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն: Ախոյեանութեան ձեւաչափին, օրացոյցին, ինչպէս նաեւ օտար մարզիկներու թիւի սահմանափակման վերաբերող հարցերը կը քննարկուին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի յառաջիկայ նիստին ընթացքին:
Նախնական տուեալներով, 2026-2027 տարեշրջանի Հայաստանի լիկային մէջ հանդէս պիտի գան բարձրագոյն դասակարգի այժմու բոլոր 10 ակումբները, ինչպէս նաեւ Ա. դասակարգի (Բ. կարգի դասակարգ) առաջին երկու ակումբները` Սարդարապատ եւ Սիւնիք:
Այսպիսով, Հայաստանի ախոյեանութիւնը երկար դադարէ ետք կրնայ ունենալ ընդլայնուած ձեւաչափով ախոյեանութիւն մը, որ պէտք է աւելցնէ հանդիպումներու քանակը եւ բարձրացնէ մրցակցութիւնը, ինչպէս եւրոպական բաժակներու դիրքերու համար պայքարի կողքին, աղիւսակի վարի հատուածին մէջ պայքարով: