Մխիթարեան Անձամբ Կը Վարէ Իր Պայմանագրութեան Վերաբերող Բանակցութիւնները

Ինչպէս նախապէս յայտնած էր Ֆապրիցիօ Ռոմանօ, Հենրիխ Մխիթարեան կը շարունակէ հանդէս գալ Ինթեր Միլանի հետ, տարի մը եւս երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը:

Ըստ Ռոմանոյի, երկու կողմերը համաձայնած են մօտ երկու շաբաթ առաջ: Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է մէկ տարեշրջանի համար եւ կը ներառէ ֆութպոլի աշխատավարձքի նուազեցում:

Բանակցութիւններուն վերաբերեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւն յայտնած է Ինթերի մարզական տնօրէն Փիերօ Աուզիլիօ: Ըստ Աուզիլիոյի, Մխիթարեան անձամբ կը զբաղի իր պայմանագիրին, հետ կապուած բոլոր հարցերով, առանց իր գործակալին մասնակցութեան:

«Մխիթարեան այլ մակարդակի վրայ է… ան անձամբ կը բանակցի, առանց իր գործակալին», ըսաւ Աուզելիօ` «Սուփերնովա»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին:

Այսպիսով, 37 տարեկան Մխիթարեանի ապագային լուրջ իրավիճակը փաստօրէն յստակացած է: Քանի մը շաբաթներ առաջ կը խօսուէր, թէ աւարտած եղանակը կրնար իր վերջինը ըլլալ իր արհեստավարժ ասպարէզին, բայց ան կը մնայ Իտալիոյ ամէնէն զօրաւոր ակումբներէն մէկուն հետ առնուազն մէկ տարի եւս:

Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ Մխիթարեան համաձայնած է նոր պայմանագիրի ձեւաչափին, ակումբին ղեկավարութեան եւ մարզչական խումբին հետ բանակցութիւններէ ետք: Ինթեր Միլանի մէջ բարձր կը գնահատեն անոր փորձառութիւնը, արհեստավարժ մտածելակերպը, ազդեցութիւնը հանդերձարանի մէջ եւ ակումբին օգտակար դառնալու կարողութիւնը նոյնիսկ իր ասպարէզի վերջին օրերուն:

Մխիթարեան 2022-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ինթեր Միլանին, եւ խումբին հետ շահեցաւ 2 «Սերի Ա.»-ի, 2 Իտալիոյ բաժակի եւ երկու գերբաժակի տիտղոսներ:

Հայկական ֆութպոլին համար Մխիթարեանի այս պայմանագիրի երկարաձգումը կարեւոր իրադարձութիւն է: Հայաստանի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը կը շարունակէ իր ասպարէզը եւրոպական ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ:

Leave a Comment