Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը

Միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիտքոյ յայտնեց, որ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու ատեն Հայաստան պէտք է յիշէ, որ միշտ Ռուսիան եղած է անոր անկախութեան երաշխաւորը: Ան յիշեցուց, որ կարելի չէ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ ըլլալ միեւնոյն ժամանակ:

Շուիտքոյի համաձայն` ռուս եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ կան պատմական խոր  կապեր: Իսկ Հայաստան իր ներկայի տեսքով մեծապէս ձեւաւորուած է ռուսական կայսրութեան, իսկ յետոյ` Խորհրդային Միութեան ջանքերուն շնորհիւ:

«Մենք չենք փափաքիր, որ մեր յարաբերութիւնները նման միակողմանի բնոյթ ունենան: Ամէն պարագայի, կողմի մը գործնապաշտութիւնը պիտի որոշէ նաեւ միւս կողմին գործնապաշտութիւնը: Մենք որեւէ ձեւով չենք ուզեր, որ Ռուսիան օգտագործուի սոսկ իբրեւ աժան ածխաջրածիններու մատակարար կամ իբրեւ սպառման շուկայ սեփական արտադրութեանց, զորս կարելի չէ սպառել Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ», ըսաւ ան:

7 Յունիսի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք տարբեր երկիրներ եւ միջազգային կառոյցներ շնորհաւորեցին Նիկոլ Փաշինեանը, սակայն Ռուսիան լուռ կը մնայ:

«Մենք կը գերադասենք սպասել Հայաստանի ընտրութիւններու պաշտօնական եզրակացութիւններուն», 9 յունիսին յայտարարեց Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ արդեօք Ռուսիոյ նախագահը պիտի շնորհաւորէ՞ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առիթով:

«Դուք գիտէք, որ այնտեղ բազմաթիւ անհասկնալի պահեր կային: Մենք բազմաթիւ հաղորդումներ տեսած ենք խախտումներու մասին», դիտել տուաւ ան` շեշտելով, որ այս առումով  պաշտօնական արդիւնքները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին:

 

Leave a Comment