Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմութեան նկատմամբ աննախադէպ ճնշումներու եւ Արեւմուտքի աննախադէպ միջամտութեան տակ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Աննախադէպ մեծ ճնշում ընդդիմութեան վրայ: Մէկ կողմէ, ատիկա այն է, ինչ որ ակնյայտօրէն կը կատարէին Հայաստանի իշխանութիւնները` իբրեւ հայեցակարգ: Եւ Արեւմուտքի միջամտութիւնը նոյնքան աննախադէպ է, իմ կարծիքովս, այս շրջանին համար ընտրական հոլովոյթներու ծիրին մէջ», ըսած է Զախարովա:
«Հայ հասարակութեան մէջ ակնյայտ է ռուս-հայկական երկկողմանի յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման, եւրասիական համարկման կառոյցներուն մէջ Հայաստանի հետագայ գտնուելու լայն պահանջարկ, որ իրական, շօշափելի օգուտներ կը բերէ, եւ ոչ թէ սեփական անձին դատարկ խոստումներով կերակրում», ըսած է ան:
Զախարովա շեշտած է, որ հայ ժողովուրդին կողմէ երկկողմանի կապերու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուս ժողովուրդինը, հիմնուած է իրական ըմբռնումի վրայ, թէ այդ կապերը ինչ կու տան:
«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա այս պահանջարկը ազնիւ է, անիկա հիմնուած է ազնիւ ընկալման վրայ, ոչ թէ խոստումներու, ոչ թէ տեղեկատուական շահագործումներու: Այս ընտրութիւնը, այս աջակցութիւնը մարդիկ կը ցուցադրեն փոխադարձ գործակցութենէն ստացուած իրական շօշափելի արդիւնքներու հիման վրայ: Անոնք կը տեսնեն, անոնք կը գնահատեն, անոնք կ՛աջակցին», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Անհրաժեշտ արդիւնքի հասնելու համար Պրիւքսելի մէջ դիւրութեամբ աչք փակեցին այն ամէնին վրայ, ինչ որ կը կոչուի ժողովրդավարութիւն, սկզբունքներ, օրինականութիւն: Մոռցան, աղբամանը նետեցին սեփական կարգախօսները` գերիշխան պետութեան ներքին գործերուն չմիջամտելու, ընտրական հոլովոյթներու վրայ չազդելու եւ չներգրաւուելու, գերիշխան ժողովուրդներու մասին», նշած է ան:
«Մենք կ՛արձանագրենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները արագացած կշռոյթով կը շարժէին դէպի Եւրոպական Միութիւն` խօսքերով, յայտարարութիւններով, որոշ գործողութիւններով, ամէն կերպով այդ մէկը ցուցադրելով: Արդեօք այնտեղ անոնց կը սպասե՞ն: Որքա՞ն կարելի է այս հռետորական հարցը տալ: Իմ կարծիքովս, պատասխանը արդէն ակնյայտ է` չեն սպասեր նոյնիսկ անոնց, որոնք թեկնածու էին: Իսկ եթէ չկան թեկնածութեան մօտեցող որեւէ կարգավիճակներ, ապա ակնյայտ է, որ չեն սպասեր», նշած է ան:
Լաւրով. «Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Եւ ԵԱՏՄ–ի Միջեւ Ընտրութեան Հարցը Արդէն Կտրուկ Կերպով Դրուած Է»
Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ընտրութեան հարցը արդէն կտրուկ դրուած է: Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Անհրաժեշտ է գործնական կերպով հասկնալ իրավիճակը», յայտարարած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը մատնանշած է այն փաստը, որ Երեւանը գործնական կերպով կ՛ընդլայնէ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը:
«ՀԱՊԿ-ը կրնայ քննարկել անդամավճարը չվճարելուն պատճառով Հայաստանը հեռացնելու հարցը»: