Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Այսօր ժամը 17:30-ին Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ բնական ախոյեանութեան իր վերջին մրցումին 86-94 արդիւնքով յաղթեց անցեալ տարիներու ախոյեան Ռիատիին` գրաւելով առաջին դիրքը:

Այս բոլորին կողքին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր կազմին միացուց Յունաստանի ախոյեան Աթինայքոսի երկու ամերիկացի մարզիկներ:

Քրիսթին Անիկուէ Լոնտոն ծնած է, բայց ամերիկեան հպատակութիւն ունի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ մասնակցած է 17 տարեկանէն վար (2014-ին) եւ 19 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութիւններուն` շահելով ոսկի մետալ:

193 սմ հասակ ունեցող Անիկուէ 4 եւ 5 դիրքերու վրայ կը խաղայ սենթըրի ալ գործ տանելով:

Երկրորդ օտար մարզիկը` Ալեքսիս Փրինս իր կարգին բաւական բարձրահասակ է, 188 սմ հասակ ունի եւ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի մեծ փորձառութիւն ունի:

32 տարեկան Փրինս թիւ 2 դիրքի մասնագէտ է, կէտեր նշանակելու բաւական մեծ փորձառութիւն ունի եւ իր կարգին Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին հետ 2012-ին շահած է միջազգային մրցաշարք մը` նուաճելով ոսկի մետալ:

Անիկուէ – Փրինս զոյգը շատ լաւ ձեւով կրնայ միանալ Մեղրի Թորոսեանի, Փերլա Պու Նասրի, Ռիմ Ղալիի, Ամար Մանսուրի, Կապի Սաատի, Էլիսա Ապու Ժաուտէի, Ալիք Թապաքեանի, Թալա Շամմասի, Անիելա Հաւանճեանի եւ Ալիք Քէշիշեանի, որ այս տարուան ախոյեանութեան տիրանան:

Անշուշտ տակաւին կանուխ է խօսիլ ախոյեանութեան մասին, պէտք է կեդրոնանալ այսօրուան մրցումին վրայ` Պէյրութի դէմ, որ ձեւով մը աւարտականի փորձ-մրցում մը պէտք է ըլլայ Ռիատիին (հաւանաբար), դէմ, որ կը նկատուի շատ լուրջ մրցակից:

Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Անթիլիասը, որ շատ աւելի մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան արժանի է:

 

Leave a Comment