Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ սպաննած է զինեալ մը, որ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ կրակ բացած է իսրայէլեան ուժերուն վրայ:
Բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հիւսիսային Իսրայէլի Վերին Գալիլիոյ Ռամիմ լերան շրջանին մէջ մեր ուժերուն վրայ կրակոցի մասին նախնական տեղեկութիւն ստացանք»:
Իսրայէլեան բանակը աւելցուց, որ իր ուժերը պատասխանած են կրակոցին եւ սպաննած զինեալը, առանց որ իր ուժերուն շարքերուն մէջ վիրաւորներ արձանագրուին, ապա անոնք խուզարկած են շրջանը, եւ օգնութեան փութացած են օդանաւերը:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը սկիզբը հաղորդեց, որ դէպքը Լիբանանի մէջ` իսրայէլեան սահմանին մօտ տեղի ունեցած է, սակայն աւելի ուշ հաղորդեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է Իսրայէլի մէջ: