Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ֆրանսական եւ Եւրոպական խորհրդարաններու անդամ երեսփոխաններու պատուիրակութեան առջեւ յայտնեց. «Լիբանան միշտ իր յոյսը կը կապէ տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար բանակի ու ապահովական հաստատութիւններուն եւ մասնաւորաբար տնտեսական կացութեան ոլորտներուն մէջ Եւրոպական Միութեան գործնական աջակցութեան, մանաւանդ որ միութեան տրամադրելիքը պէտք է համարժէք ըլլայ Լիբանանին եւրոպական պետութիւններու համար ներկայացուցածին, 2011 թուականին դէպքերու սկիզբէն ի վեր սուրիացի տեղահանուածներու գաղթին դադրեցման համար ըրածին եւ այն ինչին, որ կը կատարէ»:
«Եւրոպական Միութեան հսկողութեան հաւաքական նպաստը աւելի ազդու պիտի ըլլայ, մանաւանդ եթէ պետութիւններու հետաքրքրութիւնները ներառեն Լիբանանին կարիք ունեցած ոլորտները», ըսաւ ան:
«Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանը կարող կը դարձնէ իր իշխանութիւնը տարածելու, վերջ տալու զինեալ երեւոյթներուն եւ արդարացում չունեցող որեւէ զէնք գրաւելու, որպէսզի օրինական իշխանութեան եւ անոր զինեալ ուժերուն զէնքը մնայ», նշեց Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ աւելցուց. «Երկրին քաղաքական, ապահովական ու ընկերային կայունութիւնը պահպանելու համար կարեւոր է Հըզպալլայի զինաթափման հարցին մէջ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական ու ընկերային մօտեցումի որդեգրումը»: