Ալեքսանտր Զվերեւ վերջապէս նուաճեց իր ասպարէզին առաջին կրան շլեմը` պարտութեան մատնելէ ետք իտալացի Ֆլավիօ Քոպոլլին 6-1, 4-6, 6-4, 6-7 եւ 6-1 արդիւնքով, Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի աւարտականին:
Գերմանացի Զվերեւի 4-րդ կրան շլեմի աւարտականն էր այս, նախապէս պարտուելէ ետք աւարտականներու Տոմինիք Թիեմէն (2020-ին «Եու. Էս. Օփըն») Քարլոս Ալքարասէն (2024-ին Ռոլան Կարոս) եւ Եանիք Սինըրին (2025-ին Աւստրալիոյ բաց մրցաշարք):
Անոր յաղթանակը վտանգուեցաւ, եւ ան պիտի նմանէր նախապէս իրենց առաջին 4 աւարտականները պարտուած Իվան Լենտըլի եւ Էնտի Մարէյի, բայց ան իր ուժերը հաւաքեց եւ վերջին սեթին կրցաւ յաղթել:
Ան այժմ իր ասպարէզին ընթացքին ամէն տեսակի եւ մակարդակի տիտղոսներ շահած է:
Զվերեւ, որ կը նկատուէր ամէնէն ամբողջական թենիսմենը, որ միայն կրան շլեմ չէր յաղթած, այժմ բոլոր կարգերու տիտղոսներ շահած է` «Էյ. Թի. Փի. 250», «Էյ. Թի. Փի. 500», «Էյ. Թի. Փի. 1000», «Էյ. Թի. Փի. Ֆայնըլզ» (մասթըրզ), Ողիմպիական եւ վերջապէս կրան շլեմ:
Ան եղաւ պատմութեան միայն 4-րդ մարզիկը, որ ամբողջացուցած է այս բոլոր կարգերը` Անտրէ Աղասիի, Նովաք Ճոքովիչի եւ Էնտի Մարէյի կողքին: Թենիսի պատմական մարզիկներէն Ռոժէ Ֆետերեր եւ Ռաֆայէլ Նատալ կը բացակային այս ցանկէն, որովհետեւ Ֆետերեր չէ կրցած Ողիմպիական ոսկի մետալ շահիլ, մինչ Նատալ չէ կրցած մասթըրզ շահիլ: