2026-ի Մոնտիալ. Վերջին 3 Մոնտիալներու Տիտղոսակիրները Կռահած Անձը Նշած Է Այս Տարուան Ախոյեանը

2026-ի Մոնտիալը հինգշաբթի գիշեր պիտի սկսի, եւ աշխարհի ամէնէն շատ սպասուած մարզական մրցաշարքը այս տարի կրնայ աւելի եւս հետաքրքրական ըլլալ, մանաւանդ որ 32 խումբերու թիւը 48-ի բարձրացած է:

Ամէն մարդ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ որո՛նք են գլխաւոր թեկնածուները: Նախապէս գրած էինք թեկնածուներուն մասին, բայց գերմանացի ուսողագէտ մը` տնտեսագէտ Եոաքիմ Քլեմենթ յաջողութեամբ կռահած էր վերջին 3 Մոնտիալներու շահող խումբերը:

Քլեմենթի վիճակագրութեան ձեւը կապուած է ՖԻՖԱ-ի ազգային խումբերու դասաւորման հետ, երկիրներու բնակչութիւն, անակնկալներու հաշիւ, տնտեսական վիճակ եւ այլ բաներ:

Ինչպէս գիտէք, Մոնտիալը տեղի կ՛ունենայ ամէն 4 տարին անգամ մը, եւ Քլեմենթ ուրեմն 12 տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի թուաբանական այս համակարգով:

Ան ճիշդ ձեւով կռահած էր Գերմանիոյ յաղթանակը Պրազիլի մէջ (2014-ին), ուր գրեթէ բոլոր մասնագէտները յոյս չունէին, որ եւրոպական խումբ մը կրնայ շահիլ հարաւային Ամերիկայի մէջ, ապա Ֆրանսա` 2018-ին Ռուսիոյ մէջ եւ վերջին Մոնտիալին Մեսսի Արժանթինի հետ` Քաթարի մէջ:

Այս տարի Քլեմենթի թեկնածուն ո՞վ է: Խումբ մը, որ շատ մը մասնագէտներ նկատի իսկ չեն առած իբրեւ թեկնածու:

2026-ի Մոնտիալը պիտի շահի Նետերլանտներու խումբը: Ըստ Քլեմենթի, վերջինս կիսաւարտականին դուրս պիտի ձգէ թիւ 1 թեկնածու Սպանիան եւ ապա աւարտականին պիտի յաղթէ Փորթուգալի` պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահելով Մոնտիալը:

Ըստ թեկնածուներու ցանկին, Նետերլանտներ միայն 8-րդ դիրքը կը գրաւեն: Սպանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Պրազիլ կը գրաւեն գլխաւոր թեկնածուներու առաջին 4 դիրքերը: Անոնց կը յաջորդեն Փորթուգալ եւ Գերմանիա:

Ըստ Քլեմենթի հաշիւներուն, Պրազիլ պիտի պարտուի Ճափոնէն Բ. հանգրուանին, մինչ հիւրընկալ երկիրներէն Միացեալ Նահանգներ Բ. հանգրուանին դուրս պիտի մնայ Գերմանիոյ դէմ:

Վերջին Մոնտիալի տիտղոսակիր Արժանթին, ըստ Քլեմենթի, Բ. հանգրուանին պիտի մրցի Ուրուկուէյի դէմ, ապա Գ. հանգրուանին Թուրքիան, դուրս պիտի ձգէ շնորհիւ Մեսսիի կոլին:

Քառոդ աւարտականին Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Փորթուգալը յետ երկարաձգման պիտի յաղթէ Արժանթինին:

Միւս կողմէ, Փորթուգալ կիսաւարտականին դուրս պիտի ձգէ Անգլիան, նախապէս դուրս ձգելէ ետք Փղոսկրեայ Ափունքը, Զուիցերիան եւ Արժանթինը:

Այս բոլորը կրնան այժմ անիմաստ ըլլալ, բայց 19 յուլիսին կը գիտնանք, թէ Եոաքիմ Քլեմենթ իրաւունք ունէր կամ ոչ:

Leave a Comment