Երէկ Իսրայէլը եւ Իրանը փոխադարձ յարձակումներ կատարեցին, ինչ որ շրջանին մէջ յայտարարուած զինադադարը կը վտանգէ եւ կը սպառնայ ականահարել Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան մը գոյացման յոյսերը:
Իրան Իսրայէլը հրթիռակոծեց` հակադարձելով Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումին, իսկ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Թեհրանին չհակադարձելու կոչը անտեսելով յարձակումներ շղթայազերծեց Իրանի դէմ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը թիրախաւորեց Իսրայէլի հարաւը գտնուող Նեւաթիմ եւ կեդրոնը գտնուող Թել Նոֆ ռազմակայանները` հակադարձելով Իրանի մէջ երեք տարբեր վայրերու մէջ ռատարներու դիրքերու վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումին:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Իրանի մէջ հարուածած է զինուորական թիրախներ եւ նաւթարդիւնաբերութեան համալիր մը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին համաձայն, իսրայէլեան օդուժը Իրանի մէջ 20 թիրախներ ռմբակոծած է:
«Արապիա» հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատար մը երէկ յայտնած է, որ Իրանի վրայ յարձակումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգաբար:
«Մենք իրանցիներուն եւ անոնց գործակատարներուն հետ քանի մը օր կռիւի շեմին ենք», նշած է ան:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ ապահովական համակարգի գնահատումը այն է, որ քանի մը օրուան վրայ երկարող զինուորական դիմակայման սկիզբը կը գտնուինք»:
Իրանեան զինուորական աղբիւր մը իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան երկարատեւ պատերազմի պատրաստ է` նշելով. «Ուաշինկթըն չի կրնար Իսրայէլի ոճիրներէն ձեռքերը լուալ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Նեթանիահու Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու գործարքը ընդունելէն բացի այլընտրանք չունի: Բոլոր որոշումները ես կու տամ, Նեթանիահուն որոշումները չի տար»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը:
Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին ալ յայտնեց. «Իրանին կ՛ըսեմ` ձեր հրթիռները արձակեցիք, եւ ատիկա բաւ է. բանակցութիւններու սեղան վերադարձէ՛ք եւ գործարք կնքեցէ՛ք»:
«Ուրախ չեմ այսօր Պէյրութին հասցուած իսրայէլեան հարուածէն», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրանի հետ գործարքի հասնելուն մօտ ենք», աւելցուց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ նշեց. «Իսրայէլն Ու Իրանը պէտք է անմիջապէս կրակոցը դադրեցնեն»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրեն զինադադարի վերջին խախտումներուն համար, եւ Իսրայէլի արարքները կարելի չէ անջատել Ուաշինկթընի քաղաքականութենէն»:
«Ոչ ոք կը հաւատայ, թէ սիոնական գոյացութիւնը կրնայ շրջանին մէջ գործել առանց Ամերիկայի հետ ամբողջական համակարգումի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ամբողջ տեղի ունեցողին ետին Ամերիկան կը կանգնի, եւ ատիկա լարուածութեան վերանորոգման կը յանգեցնէ»:
«Մենք զինադադարին յանձնառու էինք, եւ իրենք զայն կը խախտեն: Մենք պատրաստ ենք երկրին ապահովութիւնն ու շահերը պաշտպանելու», նշեց Պաղայի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ աւելցուց. «Դիւանագիտութիւնն ու պատերազմի դաշտը միաժամանակ կ՛ընթանան եւ երկրի գերագոյն շահերը կ՛ապահովեն»:
«Լիբանանի դէմ պատերազմին վերջ տալը զինադադարի համաձայնութեան մաս կը կազմէ, եւ երբ այս կէտը խախտուի, դիւանագիտական հոլովոյթը եւս կ՛ազդուի», նշեց Պաղայի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգանք»:
«Թշնամական արարքներու վերսկսումը որեւէ կողմի շահերուն չի ծառայեր», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վելայեթի յայտարարեց. «Թշնամիին դիմաց երկու ընտրանք կայ` կա՛մ իր անմտութիւնները դադրեցնել, կա՛մ ալ մուտք գործել Հորմուզի նեղուցով եւ Պապ Մանտեպով վերահսկուած հաւասարակշռութիւն»:
«Դիմադրութիւնը կարողութիւնը ունի Հորմուզի նեղուցն ու Պապ Մանտեպ նեղուցը փակելու», նշեց ան:
«Պապ Մանտեպի այսօր վայելած ապահովութիւնը պէտք չէ թշնամին սխալ հաշուարկի մղէ», շեշտեց Վելայեթի:
«Սիոնական գոյացութեան Պէյրութի մէջ անմտութիւնն ու զինադադարը խախտելը կեանքի կոչեց մեր հակադարձութեան առաջին փուլը», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը:
Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալիլի ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Հորմուզի նեղուցը պիտի բացուի, սակայն իրանեան եւ օմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ճշդելի նոր պայմաններու հիմամբ»:
«Մենք գիտենք, թէ Իրանն ու Օմանը այս նեղուցին առնչուած կարգ մը ծառայութիւններ պիտի մատուցեն, եւ այդ ծառայութիւններուն դիմաց տուրքեր պիտի հաստատուին», աւելցուց ան:
Եմէնի Անսարուլլա շարժումի բանբեր Եահիա Սարիհ Կարմիր ծովուն մէջ Իսրայէլի նաւարկութեան ամբողջական արգիլումը յայտարարեց` աւելցնելով. «Անոր շարժումները մեր ուժերուն թիրախներ կը նկատենք»:
«Բռնագրաւեալ Եաֆայի շրջանին մէջ գտնուող զգայուն թիրախներու վրայ արձակեցինք հրթիռներ, որոնք իրենց թիրախները հարուածեցին», ըսաւ ան:
«Մագլցումը մագլցումով պիտի դիմակայենք, եւ մեր գործողութիւնները պիտի ըլլան մագլցողական` դէպքերուն հետ քայլ պահող եւ դիմադրութեան առանցքին հետ գործընկերութեամբ», յայտնեց Սարիհ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի ուշ յայտնեց, որ Իսրայէլն ու Իրանը անմիջական զինադադարի կը ձգտին` աւելցնելով. «Խաղաղութեան վերաբերեալ վերջնական բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` տգիտութեան եւ անմտութեան պատճառով զանոնք խոչընդոտելու հաւանականութեան հետ մէկտեղ»:
Աղբիւրներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ Իրանին փոխանցած են պատգամ մը, թէ յաւելեալ յարձակումներ պիտի չըլլան, եթէ Իրան անգամ մը եւս չկրակէ:
Իրանի զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը` աւելցնելով. «Կ՛ընդգծենք, որ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակումներու շարունակման պարագային մեր հակադարձութիւնը աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ»: