Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ անցեալ ամիս յաջորդաբար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալելէ ետք, երէկ երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Հիւսիսային Քորէա:
Ասիկա 2019 թուականէն ի վեր Չինաստանի նախագահի մը Փիոնկիանկ առաջին այցելութիւնն է:
Չինաստանի նախագահը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակներու բարձրացնելու համար գործակցելու:
«Երկու կողմերը պէտք է ամրապնդեն դիւանագիտութեան, օրէնքի կիրարկման եւ զինուորական հարցերու մէջ փոխանակումներն ու գործակցութիւնը», ըսաւ ան: