Շուէտական Նորչեբինկ ակումբի յառաջապահ Ալպերթ Ալեքսանեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Լաթվիոյ երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբին հետ:
Անոր առաջին ելոյթ եղաւ Էսթոնիոյ դէմ Պալթիք բաժակի մրցաշարքին:
Հանդիպումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, իսկ Ալեքսանեան հիմնական կազմէն խաղցաւ ամբողջ մրցումը: Ֆութպոլիստին համար ասիկա կարեւոր քայլ մըն էր միջազգային մակարդակի վրայ, քանի որ ան վերջերս քանի մը հաւաքականներու ուշադրութեան կեդրոն դարձած էր:
Ալեքսանեան ունի Լաթվիական եւ հայկական արմատներ, ինչպէս նաեւ Նորվեկիոյ քաղաքացիութիւն: Այդ պատճառով ալ անոր հաւանական ապագան ազգային հաւաքականներու մակարդակով հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր ոչ միայն Լաթվիոյ, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ մէջ:
19 տարեկան յառաջապահին առաջին ընտրութիւնը կատարուած է Լաթվիոյ երիտասարդներու հաւաքականի օգտին:
Բարձրահասակ (193 սմ) յառաջապահը, որ կրնայ աջ ծայրի դիրքի վրայ ալ խաղալ, կը շարունակէ հանդէս գալ շուէտական Նորչեբինկի հետ եւ այժմ կարելիութիւն ստացած է ինքզինք դրսեւորելու նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ:
Լաթվիոյ երիտասարդներու ազգային խումբին հետ ան ելոյթ մը եւս պիտի ունենայ Պալթիք բաժակի գծով` Լիթուանիոյ դէմ: