Միրա Անտրէեւա շահեցաւ իր ասպարէզի առաջին թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքը, երբ շաբաթ օր նուաճեց Ռոլան Կարոսի տիտղոսը:
19 տարեկան Անտրէեւա 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց լեհ Մայա Շվալինսքան` դառնալով Ռոլան Կարոսի ամէնէն երիտասարդ ախոյեանը վերջին 30 տարիներուն (Մոնիքա Սելեշ 1992-ին 18 տարեկան էր):
Ռոլան Կարոսի մրցանիշը (ամէնէն երիտասարդ ախոյեանի) կը պատկանի Մոնիքա, Սելեշի, որ 1990-ին 16 տարեկան եւ 6 ամսու էր, երբ շահեցաւ իր առաջին տիտղոսը:
«Իրականութեան մէջ միշտ երազներ կը տեսնէի, ոչ միայն այս մրցաշարքին, թէ կը շահիմ կրան շլեմի տիտղոս… միշտ ալ ես ինծի կը հարցնէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի պատահի այդ մէկը, կամ ե՞րբ եւ ո՞ւր:
Պէտք է ըսել, որ իրական կեանքին մէջ զգացումը շատ աւելի լաւ է` նկատելով եւ դիտելով, որ շահած բաժակը իսկական է, եւ ես ինծի կրնամ կոչել կրան շլեմի ախոյեան», ըսաւ ռուս Անտրէեւա:
«Միշտ կ՛ըսէի, թէ կարեւոր չէ ո՛ւր յաղթեմ կրան շլեմի տիտղոսը, կրան շլեմը կրան շլեմ է, բայց Փարիզի մէջ շահիլը տարբեր բան է: Կը սիրեմ հողով ծածկուած դաշտի վրայ խաղալ, եւ գրեթէ ամբողջ կեանքս այս տեսակ մակերեսի վրայ կը խաղայի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէն կը խօսիմ: Այժմէն իսկ կը մտածեմ յաջորդ տիտղոսին մասին, ինչ խոտով ծածկուած դաշտի եղանակը կը սկսի (Ուիմպըլտընին ակնարկելով):
Միւս կողմէ, Շվալինսքա իր կարգին շատ ուրախ էր, հակառակ անոր որ պարտուած էր մրցումին` նկատի ունենալով, որ ան զտումի մրցումներէն կրցած էր մտնել հիմնական մրցաշարք եւ աշխարհի թիւ 114-րդ դիրքը կը գրաւէր մրցաշարքէն առաջ:
24 տարեկան լեհ թենիսվումընը գոհ էր, որ 18 տարի աշխատանքէ եւ երկար սպասելէ ետք վերջապէս այդ աշխատանքի արդիւնքը սկսած է ստանալ:
Ան շատ աւելի բարձր դասուած մրցակիցներու կրցաւ յաղթել, բայց միշտ ալ յայտնելով, թէ իր լաւագոյն մակարդակի թենիսը չի խաղար:
«Թենիսը շատ դժուար եւ կարծր մարզաձեւ մըն է: Կարծր այն իմաստով, որ անհատական պայքար է, եւ պատանի եղած օրերուն քեզմէ բաներ կը սպասեն կարծես չափահաս մըն ես` մոռնալով, որ դուն 6-7 տարեկան ես: Քեզմէ կը սպասեն, որ չափահասի պէս ենթարկուիս, երբ տակաւին փոքր ես: Մարդիկ պատրաստ են քեզ դատելու, եւ ճնշումը բարձր կ՛ըլլայ այդ պատճառով», ըսաւ Շվալինսքա, որ այսօր հաւանաբար թիւ 21 դասուի նոր դասաւորման մէջ: