Մոնտիալին մասնակից 48 խումբերն ալ իրենց վերջին փորձ-մրցումները կը կատարեն հինգշաբթի օրուան բացման մրցումէն առաջ:
Բազմաթիւ խումբեր, որոնք թեկնածու կը նկատուին, բնականաբար իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ չեն գտնուիր, մարզիկները աւելի զգուշ կը խաղան, շատեր յոգնած են երկար տարեշրջանէն մը ետք, շատեր ալ անբախտ են:
Գերմանիոյ ազգային խումբին նոր միացած 18 տարեկան Լենարթ Քարլ, որ 3 յաջող մրցումներ կատարած էր ազգային խումբին հետ, ուրբաթ օր փորձի պահուն ձախ ոտքի մկանը լրջօրէն վիրաւորած էր: Ան դուրս մնաց Մոնտիալի ցանկէն: Ան անմիջապէս փոխարինուեցաւ Ասան Ուետրաոկոյով:
Լայփցիկի միջնապահը 20 տարեկան է եւ բաւական լաւ մակարդակի մարզիկ մըն է:
Գերմանիա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Մայնցի մէջ իր վերջին փորձ-մրցումին, ուր Քարլ փայլուն ելոյթ ունեցած էր: Այժմ խումբը կը գտնուի Շիքակօ, ուր շաբաթ օր մրցում մը ունեցաւ հիւրընկալ Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Քայ Հավիրթց 2-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը Քիմիչի ազատ հարուածէն ետք: Մինչ ամերիկացիներուն հաւասարութեան կոլը նշանակեց Անթոնի Ռոպինսըն անզսպելի հարուածով մը: Բ. կիսախաղին գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք Լիրոյ Սանէ նշանակեց Գերմանիոյ 2-րդ կոլը:
Պրազիլ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եգիպտոսը, Օհայոյի մէջ: Նիւքեսըլի միջնապահ Պրունօ Կիմարայեշ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը 7-րդ վայրկեանին: 4 վայրկեան ետք Մոսթաֆա Զիքօ նշանակեց Եգիպտոսի հաւասարութեան կոլը, 52-րդ վայրկեանին Էնտրիք Ռաֆինիայի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց «դեղիններ»-ուն երկրորդ կոլը: Իր նախորդ մրցումին Պրազիլ 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Փանաման:
Անգլիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նոր Զելանտան, Ֆլորիտայի մէջ: Հերի Քէյն նշանակեց մրցումին միակ կոլը, հակառակ անոր որ Անգլիա կը տիրապետէր: «Տաք» մրցում մը, Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չիլին:
Փորթուգալ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեց, բայց մրցումին մթնոլորտը քիչ մը խանգարուեցաւ, երբ չիլիցի յետսապահ Իվան Ռոման եւ Ռաֆայէլ Լէաօ վտարուեցան դաշտէն:
Բ. կիսախաղին Կոնսալօ Կետեշ եւ Պրունօ Ֆեռնանտեշ նշանակեցին Փորթուգալի երկու կոլերը, մինչ Լուքաս Սեփետա 92-րդ վայրկեանին նշանակեց Չիլիի միակ կոլը:
Այսօր Ֆրանսա պիտի մրցի Հիւսիսային Իրլանտայի դէմ, իսկ Սպանիա` Փերուի դէմ: