«Էն. Պի. Էյ.» «Ուեմպի»-ի Պազըրը Ձախողեցաւ, Սփըրզ Ետ Մնաց 2-0 Արդիւնքով

Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր դաշտին վրայ սկսելու առաւելութիւնը կորսնցուց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումին, երբ 105-104 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ճակատումներուն 2-րդին:

Նիւ Եորք Նիքս կը վերադառնայ «տուն, եւ երկու յաղթանակներու կարիքը ունի շահելու «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, զոր «աշխարհի մայրաքաղաք»-ը կը սպասէ 53 տարիէ ի վեր:

Մրցումի աւարտէն 9,5 երկվայրկեան առաջ, Ճէյլըն Պրանսըն 2 ազատ հարուածներ նշանակեց, Վիքթոր Ուեմպանեամայի թըրն-օվըրէն ակնթարթ մը ետք, ապա մրցումի վերջին առիթը կորսնցուց նոյնինքն «Ուեմպի», մինչ Սփըրզի համակիրները կը լքէին դաշտը, հաւանաբար վերջին անգամ ըլլալով այս տարեշրջանին, եթէ Նիւ Եորք Նիքս յաջողի իր «Մետեսըն Սքուեր Կարտըն»-ի դաշտին վրայ յաղթել յաջորդ 2 ճակատումները:

Քարլ-Անթոնի Թաունզ 21 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պրանսըն եւ Միքալ Պրիճզ 20-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Նիքսի, որ 13 յաջորդական մրցումներու հասցուց իր յաղթանակներու շարքը: 2016-2017 տարեշրջանին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (15 յաջորդական յաղթանակներ) մրցանիշ հաստատած էր յաջորդական յաղթանակներու, եւ Նիքս կրնայ հաւասարիլ անոր մրցանիշին այս շաբաթ:

Նիւ Եորք Նիքս այժմ 3-րդ խումբն է, որ իր դաշտէն դուրս կրցաւ յաղթել աւարտականի ճակատումներու առաջին երկու մրցումներուն` միանալով Մայքըլ Ճորտընի Շիքակօ Պուլզին (1993) եւ Հաքիմ Օլաճուոնի Հիուսթըն Ռոքեթցին (1995): Զոյգ խումբերն ալ աւելի ուշ դարձան ախոյեան, Պուլզ 6 մրցումներէ ետք (4-2), մինչ Ռոքեթց 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Օրլանտօ Մեճիքին: Նիքս, որ 1973-էն ի վեր ախոյեան չէ դարձած, լաւ դիրքի վրայ է:

Ուեմպանեամա առաջին կիսախաղին բաւական «լուռ» մրցում մը ունեցաւ, բայց 29 կէտերով աւարտեց մրցումը:

«Անցեալը չենք կրնար փոխել, այժմէն կը մտածենք 3-րդ ճակատումին մասին», ըսաւ ֆրանսացի Ուեմպանեամա:

Նախագահ Տոնալտ Թրամփ, որ Նիւ Եորքի բնակիչ եղած է, նպատակ ունի վաղը գիշեր ներկայ ըլլալու մրցումին, մինչ ամէնէն «յարմար» աթոռներուն գինը մօտեցաւ 9 հազար ամ. տոլարի:

 

Leave a Comment