Պերլինէն (Գերմանիա) Ճոյս Հուպներ անունով կին մը վազելու աշխարհի մրցանիշ մը արձանագրեց: Արդարեւ, Հուպներ 367-րդ մարաթոնին մասնակցեցաւ 367 յաջորդական օրերու ընթացքին` կտրելով 42.195 քմ ամէն օր, բարելաւելով պելճիքացի Հիլտէ Տոսոնյէի մրցանիշը, որ 366 օրեր վազած էր 2024-ին:
«Հետաքրքրական բան մըն է… շատ իրական չ՛երեւիր, բայց ես պարզապէս այդ վազողն եմ, որ կրցաւ յաջորդական մարաթոններու մասնակցիլ, եւ այդ մէկը շատ լաւ զգացում մըն է», ըսաւ 38 տարեկան Հուպներ:
Հուպների 367-րդ մարաթոնը ըստ երեւոյթին իր վերջինը չէր: Ան այժմ կը մտածէ Գերմանիոյ բոլոր 2 հազար քաղաքներուն մէջ ալ վազելու մասին:
Այս ձեւով տակաւին 5 հազար քիլոմեթր վազելու նպատակ կայ մինչեւ Պերլին: Ամբողջութեամբ Հուպներ պիտի վազէ 21.300 քմ, որ կը բաժնուի 495 մարաթոններու` 495 օրերու ընթացքին:
Հուպներ, որ միայն 11 տարիներ առաջ սկսած էր վազելու, իր առաջին մարաթոնին մասնակցած էր 2018-ին, եւ բաւական փորձառութիւն ունեցաւ տարիներու ընթացքին: 2023-ին ան Գերմանիոյ սահմանագիծին վրայ վազեց 120 մարաթոն` 143 օրերու ընթացքին: