Լիվըրփուլի Պատմական Աստղը Քաղցկեղէ Կը Տառապի

Անգլիոյ նախկին աստղերէն Քեւըն Քիկընի յայտարարութենէն օր մը ետք, սկովտիացի նախկին աստղ Քենի Տալկլիշ իր կարգին յայտարարեց, որ քաղցկեղէ կը տառապի: Ան յայտնեց, որ կ՛ենթարկուի բուժումի, որ լաւ ձեւով կ՛ընթանայ:

Լիվըրփուլի պատմական մարզիկը յաւելեալ մանրամասնութիւն չներկայացուց` յայտնելով, որ ան կ՛ուզէր գաղտնի պահել, բայց անոր ոչ շատ վարպետ բջիջային հեռաձայնի թեքնիք գրութեամբ սխալմամբ հրապարակած էր իր առողջական վիճակը:

«Իրականութեան մէջ հանրութեան չէի ուզեր տեղեկացնել, անիկա պէտք էր գաղտնի մնար, եւ յուսամ կը յարգէք իմ որոշումս, որ ընտանիքիս հետ առանձին բուժուիմ», բացատրեց Տալկլիշ:

Սկովտիացի նախկին աստղը Լիվըրփուլի հետ պատմութիւն կերտած էր 1971-էն 1990, երբ կատարած էր 355 մրցում` 115 կոլ նշանակելով: Ան 6 «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներ շահեցաւ «Կարմիրներուն» հետ եւ 3 անգամ ալ «Չեմփիընզ լիկ»: Ան աւելի ուշ Լիվըրփուլի հետ իբրեւ մարզիչ 4 տիտղոսներ եւս շահեցաւ եւ Սկովտիոյ ազգային խումբին հետ ալ 102 ելոյթ ունեցաւ:

 

Leave a Comment