Մոնտիալ 2026. Նոր Օրէնքներ Եւ Գնդակներ

ՖԻՖԱ-ն վերջերս որոշեց որդեգրել 8 նոր օրէնքներ, որոնք 2026-ի Մոնտիալէն սկսեալ պիտի գործադրուին` աւելի «շատ» ֆութպոլ խաղալու եւ արդար ըլլալու համար… Անշուշտ ըստ ՖԻՖԱ-ին:

Ստորեւ` 8 օրէնքները.

1.- Հինգ երկվայրկեանի ժամանակ պիտի տրուի, երբ գնդակը դաշտէն դուրս գայ թէ՛ մարզիկի մը, թէ՛ ալ բերդապահին մօտ: Այսինքն` երբ գնդակը դուրս գայ դաշտի սահմաններէն, մարզիկը, որ աութ պիտի նետէ, 5 երկվայրկեան ունի, որմէ ետք գնդակը կ՛անցնի մրցակիցին` ուշացումի պարագային: Նոյնն է պարագան բերդապահներուն, որոնք 5 երկվայրկեան ունին դուրս ելած գնդակէն ետք վերսկսելու մրցումը, ապա թէ ոչ գնդակը քոռնըրի կը վերածուի ի նպաստ մրցակիցին:

2.- Մարզիկներու փոխարինման ժամանակ 10 երկվայրկեանի պայմանաժամ ունի փոխարինուող մարզիկը, որ դուրս գայ դաշտէն: Եթէ աւելի ժամանակ տեւէ այդ փոխարինումը, նոր դաշտ իջնող մարզիկը 1 վայրկեան ետք պիտի մտնէ դաշտ:

3.- 60 երկվայրկեան բժշկական դադար-մարզիկներ, որոնք դաշտին մէջ պիտի դարմանուին, պէտք է 60 երկվայրկեան դուրս մնան դաշտէն (1 վայրկեան), ապա մտնեն դաշտ, անշուշտ երբ մրցումը ընդհատուի:

4.- ՎԱՐ-ի միջամտութիւն – ՎԱՐ-ը այժմ կրնայ միջամտել ամէն անգամ, որ սխալ որոշում տրուի քոռնըրի կամ ուղիղ կարմիր քարտի մը (եթէ արդար չէ) կամ երկրորդ դեղին քարտի պարագային:

5.- Բերանը ծածկողներուն ուղիղ կարմիր քարտ- երբ մարզիկներ իրար դէմ կը վիճին եւ իրենց բերանները փակած խօսքեր կ՛ուղղեն իրար, ուղիղ կարմիր քարտ պիտի ստանան:

6.- Բողոքի եւ դաշտէն դուրս գալու քայլեր – Բոլոր այն մարզիկները, որոնք կը դժգոհին իրաւարարին որոշումէն եւ դաշտի սահմաններէն դուրս կու գան, կարմիր քարտ պիտի ստանան: Խումբեր, որոնք մրցումի կանգ առնելուն պատճառ պիտի դառնան դուրս գալով կամ ուշացումով, պարտուած պիտի հռչակուին:

7.- Ջուրի դադար – Ամէն մրցումի տեղի պիտի ունենան ջուր խմելու կարճ դադարներ (3 վայրկեան), շատ հաւանաբար երկու կիսախաղերու կէսերուն (22 վայրկեան) եւ (67-րդ վայրկեանին):

8.- Բերդապահներու «թայմ-աութ»-ի ջնջում – Երբ բերդապահ մը վիրաւորուի եւ դարմանումի ենթարկուի, երկու խումբերու մարզիկները այլեւս իրաւունք պիտի չունենան դաշտի սահմաններէն դուրս գալու եւ իրենց մարզիչներուն մօտենալով ձեւով մը թայմ-աութ առնելու:

Յոյսով, որ բոլոր այս օրէնքները լիովին գործադրուին, եւ իրապէս ֆութպոլը աւելի հաճելի դառնայ:

Աւելցնենք, որ այս Մոնտիալին պիտի օգտագործուին «Թրիոնտա» գնդակները, որոնք օժտուած են փոքր համակարգով: Այս գնդակները ձեռքի հեռախօսի նման կը լիցքաւորուին մրցումէն առաջ, եւ մրցումի պահուն շնորհիւ իրենց յատուկ խցիկին որոշ տեղեկութիւններ կը ղրկեն համակարգիչով: Օրինակ, եթէ օֆ-սայտի կասկածելի դիրք կայ, կամ գնդակը դպաւ մարզիկի մը ձեռքին եւ ուղղութիւնը շեղեց: Այս դրութիւնը աւելի նուազ ազդեցութեամբ որդեգրուած էր 2022-ի Մոնտիալին` Քաթարի մէջ:

Leave a Comment