Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Եորք Նիքս աւարտական ճակատումը:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի առաջին ճակատումը Թեքսասի մէջ էր, ուր Սան Անթոնիօ հիւրընկալեց Նիքսը:
Դաշտը կը գտնուէին Սան Անթոնիոյի նախկին մարզիչ Կրեկ Փոփովիչ, որ միշտ ալ ներկայ եղած է ամէն անգամ, որ Սփըրզ աւարտական հասնի, մինչ ներկաներուն կարգին էին նաեւ Սփըրզի նախկին աստղեր Տէյվիտ Ռոպինսըն, Թիմ Տանքըն, Մանու Ժինոպիլի, Պրուս Պոուըն եւ ուրիշներ:
Նիւ Եորքի պատմական մարզիկ Փաթրիք Եուինկ իր կարգին ներկայ էր Նիքսի աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր համակիր Սփայք Լիի կողքին: Ներկայ էին նաեւ Թրէյսի Մորկըն, Պեն Սթիլըր, Ֆէթ Ճօ, Թիմութի Շալամէ:
Հետաքրքրական էր նաեւ Նիւ Եորքի մեծաթիւ համակիրներու ներկայութիւնը: Համակիր մը նոյնիսկ ըսած էր, թէ աւելի յարմար էր Սան Անթոնիօ ճամբորդել պանդոկի կեցութեամբ եւ երկու մրցումներու տոմսերու գինը վճարել, քան Նիւ Եորքի մէջ «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի վրայ Նիքսի մրցում մը դիտել:
Նիքս լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ 14-7 արդիւնքով յառաջացաւ, մինչ Սփըրզ անմիջապէս փոխադարձեց 20-13 կէտերով` 10 կէտով յառաջ անցնելով: Բ. մասին Նիքս փորձեց վերադառնալ, եւ սուր պայքարէ ետք Սփըրզ կիսախաղի դադար մտաւ 55-48 արդիւնքով յառաջացած:
Սփըրզ 14 կէտերու հասցուց իր առաւելութիւնը 3-րդ մասին, բայց Նիքս այս մասը աւարտեց 22-9 կէտերու տարբերութեամբ` մինչեւ 4-րդ մաս արդիւնքը հաւասարեցնելով 76-ի վրայ:
4-րդ մասի կէսերուն, Նիքս 8 կէտերով յառաջացաւ, բայց Ուեմպանեամա 2 ազատ հարուածներով օգնեց Սփըրզին, որ 95-94 արդիւնքով յառաջանայ: 2 վայրկեաններ կային, եւ կը կարծուէր, որ այս ընթացքով դժուար պիտի ըլլայ մրցումին տիրապետել, բայց Նիքս յաջորդական 11 կէտեր նշանակելով յաղթեց 105-95 արդիւնքով` անակնկալի բերելով 18.800 համակիրները:
Ճէյլըն Պրանսըն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի, որ իր յաջորդական 12-րդ մրցումը յաղթեց փլէյ օֆի մրցումներուն գծով: Քարլ-Անթոնի Թաունզ 18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օ. Ճի. Անունոպի 17 կէտեր աւելցուց ի նպաստ Նիքսի, որ եղաւ այն խումբը, որ Սփըրզին կը յաղթէ աւարտականի ճակատումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Նշենք, որ Սան Անթոնիօ Սփըրզ խումբը, որ կազմուած էր 1976-ին (նախապէս Տալաս Չափարըլզ եւ Թեքսաս Չափարըլզ), 5 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը շահած է (1999, 2003, 2005, 2007 եւ 2014), մինչ Նիւ Եորք Նիքս, որ 1946-էն ի վեր իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Էն. Պի. Էյ.»-ին, 2 անգամ շահած է տիտղոսը (1970-ին եւ 1973-ին):