Քոչարեան. «Կ՛երաշխաւորեմ, Որ Պատերազմ Պիտի Չըլլայ»

Երէկ քարոզարշաւը Սեւանի մէջ կայացուց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը: «Ընտրութիւններէն ետք պէտք է վերանորոգել երկիրը», այս կոչով սեւանցիներուն դիմեց վարչապետի ընդդիմադիր թեկնածուն: Քոչարեանի երէկուան ելոյթի առանցքին մէջ կրկին հայ-ռուսական վատթարացող յարաբերութիւնները կը գտնուէին:

«Իմ տպաւորութիւնս այնպիսին է, որ այս իշխանութիւնը ոչ մէկ հաշուարկ կ՛ընէ, անիկա միայն մէկ հաշուարկ ունի` ի՞նչ ընէ, որ աթոռը պահէ, թքած ունի, թէ յետոյ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր սեփական ժողովուրդին հետ», յայտարարեց Քոչարեան:

Երէկ աւելի կանուխ «Հայաստան» դաշինքը նաեւ տեսանիւթ մը հրապարակեց ընկերային ցանցերու վրայ. տեսանիւթին մէջ Հայաստանի երկրորդ նախագահը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը որակեց ձեռնածութեան, սուտի, յարձակողապաշտութեան, ատելութեան եւ ամբոխահաճութեան ութ տարիներ:

«Գործող իշխանութիւնը այս քարոզարշաւը վերածած է Հայաստանի պատմութեան ամէնէն կեղտոտ քաղաքական գործընթացին», պնդեց նախկին նախագահը:

«Ես կ՛երաշխաւորեմ, որ պատերազմ պիտի չըլլայ», իր երէկուան ուղերձին մէջ պնդեց Հայաստանի երկրորդ նախագահը` շեշտելով, որ դրացիներուն հետ աւելորդ լարուածութիւն, իսկ դաշնակիցներուն հետ առճակատում պիտի չըլլայ:

Արտաքին քաղաքականության մասին խօսելով Քոչարեան ընդգծեց, որ պիտի չխաղայ մեծ պետութիւններու հակասութիւններուն վրայ, այլ բարեկամական յարաբերութիւններ պիտի ունենայ ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Եւրոպայի հետ:

 

Leave a Comment