Ամերիկացիներու հետ կապը չէ ընդհատուած, եւ հաղորդակցութիւններ փոխանակուած են Պէյրութի վրայ յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:
Արաղչի նաեւ ընդգծած է, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ շօշափելի յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
Աղբիւրներ, սակայն, «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան փուլային համաձայնութեան կնքման կը մօտենան:
Անոնք նշեցին, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ «փուլային համաձայնութիւնը» հանդարտեցումով կը սկսի եւ հիւլէական թղթածրարով կ՛աւարտի:
Աղբիւրները «Հատաս»-ին յայտնեցին, որ «փուլային համաձայնութիւն»-ը կը բաղկանայ 4 փուլերէ, որոնցմէ մէկէն միւսը անցումը պիտի կատարուի «խոստումներու կատարումէն» ետք:
Անոնք նշեցին, որ առաջին փուլը կը ներառէ զինուորական ուղղակի գործողութիւններու դադրեցում, 2-րդ փուլը կը վերաբերի ծովային միջանցքներու եւ ուժանիւթի գիծերու շուրջ ապահովական դասաւորումներուն, 3-րդ փուլը` տնտեսական ոլորտին մէջ վստահութեան կառուցման, եւ կարգ մը պատժամիջոցներու սահմանափակ մեղմացում կը պարունակէ, 4-րդ փուլը ամէնէն բարդն է եւ կը վերաբերի իրանեան հիւլէական ծրագիրին, իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան, հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ հսկողութեան մեքանիզմներուն ու երաշխիքներուն, եւ անոր շուրջ բանակցութիւնը կրնայ մէկ ամիս տեւել:
Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր խորհրդատուներուն յայտնած է, որ պիտի չստորագրէ որեւէ համաձայնութիւն, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ ուղղակի կերպով Իրանին գումարներ կու տան:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան ստեղծելու շուրջ ֆոնտ մը, որ Իրանին միլիառաւոր տոլարներ կ՛ապահովէ, անմիջապէս որ վերջնական համաձայնութիւն գոյանայ:
Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխադարձ յարձակումներէն ետք Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ինքնազսպումի առաւելագոյն մակարդակ ցուցաբերելու` զգուշացնելով, որ զինուորական մագլցումի շարունակումը համաձայնութեան գոյացման մեծ խոչընդոտ մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ մագլցումի շարունակումով երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան պատուհանը կը նեղնայ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի յայտնեց, որ «տիրակալութեան համակարգը» ջանք պիտի չխնայէ որդեգրելու քայլեր, որոնք արգելք կը հանդիսանան Իրանի յառաջդիմութեան:
«Իրանի թշնամին մարտի դաշտին վրայ իր կրած պարտութենէն ետք կը ջանայ վնասել ժողովուրդի տոկունութեան եւ ներքին պառակտումներ յառաջացնել», աւելցուց ան` նշելով, որ այդ թշնամին ներկայիս «բարդ պատերազմ»-ի վրայ կը կեդրոնանայ:
«Որեւէ քայլ կամ վարմունք, որ քաղաքացիներու յուսալքութեան կը յանգեցնէ, թշնամիին օժանդակութեան ձեւ մը կը նկատուի», ընդգծեց Խամենէի: