Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան պատմականօրէն ճիշդ ընտրութիւն կատարէ յօգուտ Ռուսիոյ հետ եղբայրական յարաբերութիւններու ամրապնդման` Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու` շեշտելով, որ Փաշինեան ակնյայտ դժկամութիւն կը ցուցաբերէ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կատարելու գծով:
Ան նաեւ ակնարկութիւն կատարեց Ռուսիայէն զբօսաշրջիկներու թիւի նուազումին, որուն պատճառով Հայաստանի կորուստները կրնան հասնիլ 1,5 միլիառ տոլարի, եւ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար փոխհատուցել այդ գումարը, այլ ան պիտի կատարէ փոքր ներդրումներ, այդ ալ` անձնական քարոզչութեան համար: