Պասքեթպոլ. Շանվիլ Բ. Դասակարգ Փոխանցուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները սկսան: Փլէյ-աութի մրցումներն ալ տեղի կ՛ունենային երկուշաբթի օր, ուր 4 խումբեր կը մրցէին խուսափելու Բ. դասակարգէն:

Շանվիլ 96-90 արդիւնքով պարտութիւն կրելէ ետք Թատամոն Հարաժելէն, չորեքշաբթի օր երկրորդ ճակատում մը ունէր, որ կրկին պարտութեամբ աւարտեց 82-66 արդիւնքով եւ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:

Շանվիլ, որ 2022-էն ետք կոչուեցաւ Մարիսթ, 2012-ին Լիբանանի ախոյեան դարձած էր եւ 5 անգամ փոխախոյեան (2002, 2004, 2010, 2011 եւ 2021): Մեծ թիւով աստղեր խաղցած են այս խումբին հետ, ինչպէս` Ֆատի Խաթիպ, Պասել Պաուժի, Ռոնի Ֆահըտ, Ալի Հայտար, Էլի Մշանթաֆ, Ճօ Վոկըլ, Ալի Մըզհեր, Տանիել Ֆարես եւ մեծ թիւով միջազգային աստղեր, ինչպէս` Նիքոլոշ Ցքիթիշվիլի, Ճերեմի Փարկօ, Տանի Փիփըն, Այզիա Օսթըն, Տանիէլ Օրթըն, Ռոպերթ Ափշօ, Տոնթէ Կրին, Տուէյն Ճեքսըն, Համետ Հատտատի եւ Աթեր Մաժոք:

Շանվիլ 2013-ին շահած է նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւնը: Նշենք, որ վաղը երեկոյեան ժամը 20:45-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, «Ֆայնըլ 8»-ի առաջին ճակատումին, Ղազիրի դաշտին վրայ: Այս մրցումին իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Հուփսի նախկին աստղը` Տիքմպէ Տիքսըն:

 

 

Leave a Comment