Ռուսիոյ Ս. Փեթերպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պարան ցատկելու միջազգային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի պարան ցատկելու մարզաձեւի հաւաքականի աւագ մարզիչ եւ միջազգային կարգի իրաւարար Դաւիթ Ֆահրադեանը ազգային խումբին համար մետալ նուաճած է շնորհիւ Սարգիս Ֆահրադեանի (11 տարեկան) ելոյթին:
Պատանի մարզիկը կրկնակի մինի-թրամփ վարժութեան երկրորդ դիրքը գրաւած է: Յատկանշական է, որ Սարգիս Ֆահրադեան իր մրցակիցներուն համեմատ ամէնէն փոքր տարիքով մասնակիցն էր, սակայն կարողացաւ բարձր արդիւնք ու մակարդակ ցոյց տալ եւ կանգնիլ պատուոյ հարթակին վրայ:
Ըստ Դաւիթ Ֆահրադեանի, միջազգային այս մրցաշարքը իր ձեւաչափով եւ մակարդակով շատ լուրջ էր եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի մակարդակ ունէր:
Սարգիս Ֆահրադեանի արծաթէ մետալը կարեւոր ձեռքբերում է Հայաստանի պատանեկան հաւաքականին համար եւ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ հայ մարզիկներու հեռանկարները` այս մարզաձեւին մէջ: