Ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն բխած յայտարարութիւնը Լիբանանի մէջ զինադուլի շուրջ համաձայնութեան մասին կը խօսէր: Ուշագրաւը Թրամփի յայտարարութիւնն էր առ այն, որ խօսած են Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի հետ կրակը դադրեցնելու համար: Հըզպալլան իբրեւ հակամարտութեան կողմ կը նուիրականացուէր այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով:
Ըստ էութեան, Հըզպալլայի հետ պիտի կայանար համաձայնութիւնը, իրավիճակի վրայ վերահսկողութիւն ունենալու իր հանգամանքով: Այլապէս լիբանանեան կառավարութեան եւ Թել Աւիւի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացող բանակցութիւնը չէր կրնար առարկայանալ, որովհետեւ մարտերը մղողը լիբանանեան կողմէն, դիմադրողը Հըզպալլան է:
Այս եղելոյթներուն ընկերակցեցաւ ամերիկեան կողմէն հրապարակուած թէժ խօսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ: Պարզ էր, որ հրապարակումը ծրագրուած էր եւ կը ստեղծէր այն տպաւորութիւնը, որ Ուաշինկթըն ճնշում կը բանեցնէ Թել Աւիւի վրայ` դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:
Պաշտօնապէս Թրամփ վերահաստատեց, որ նման հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է: Նոյնը նաեւ Նեթանիահուն, անմիջապէս աւելցնելով, որ ընտանիքներու մէջ նաեւ վէճեր կ՛ըլլան, եւ թէ երկու երկիրները կը շարունակեն մնալ ամուր դաշնակիցներ:
Այս բեմագրութիւնները կը խօսին Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ դերերու բաշխումի եւ ընդհանուր համակարգումի մը մասին: Կը թուի սակայն, որ այնպիսի փուլի մը մէջ կը գտնուի գործընթացը, որ օրակարգի վերածուած է Պէյրութ չհարուածելն ու հարաւային շրջաններէն հանգրուանային հեռացումը իսրայէլեան ուժերուն:
Այս չի նշանակեր սակայն, որ միանգամայն կրակի ամբողջական դադրեցում պիտի ըլլայ: Բանակցիլ-հարուածել այս զուգահեռ ընթացքը պիտի շարունակուի գէթ որոշ ժամանակի մը համար:
Այս բոլորին մէջ յստակը այն է, որ Թեհրան Միացեալ Նահանգներուն հետ իր համաձայնութիւնը յստակօրէն պայմանաւորած է Լիբանանով: Դէպի Լիբանան յարձակումներու դադրեցումը նախապայման է Իրանի համար, որմէ զիջում չ՛երեւիր: Այս պատճառով ալ հերթաբար թէ՛ Հըզպալլան եւ թէ՛ Թեհրանը յայտարարեցին նման իրավիճակով զինադուլ հաստատելու անընդունելիութիւնը:
Նախնական որեւէ համաձայնութիւն ուրեմն չ՛առարկայանար առանց Իսրայէլի կողմէ յարձակումներու ամբողջական դադրեցումին: ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորին զոհուիլը, հրթիռակոծումներու շարունակումը եւ հարուածները Իսրայէլի կողմէ կը պատրուակուին Հըզպալլայի յարձակումներու շարունակումով: Պարզ է այլեւս սակայն, որ Լիբանանը ընդհանուր պատերազմին ածանցեալ մէկ ճակատը չէ, այլ այդ ամբողջութեան մէջ կարեւոր կէտ կը նկատուի, եւ որ նոյնիսկ նախապայման է Իրանի համար:
Այն պահը, երբ կը յստականայ, թէ Ուաշինկթըն վճռած է անպայման Իրանի հետ երթալ գործարքի, այդ պարագային հեռախօսային բեմագրութիւնները կը վերածուին իրական ճնշումի, խաղը կ՛աւարտի եւ Իսրայէլին կը պարտադրուի դադրեցնել կրակը: Անկէ ետք` հարաւէն նահանջը:
Պաշտօնական Պէյրութը այս հանգամանքները նկատի ունենալով Լիբանանի իսկ շահերէն մեկնած բանակցութիւններու կայացման համար ելակէտ պիտի շարունակէ նկատել Իսրայէլի կողմէ կրակի դադրեցումը եւ հարաւէն հեռացումը:
«Ա.»