4-րդ Աստիճանի Քաղցկեղէ Ետք. «Տակաւին Կ՛ապրիմ…» Կ՛ըսէ Քիկըն

2026-ի սկիզբը շրջանառութեան դրուած էին լուրեր, թէ Անգլիոյ ֆութպոլի պատմական մարզիկներէն Քեւըն Քիկըն քաղցկեղէ կը տառապի:

Քանի մը օր առաջ 75 տարեկան նախկին աստղը առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ մանրամասնութիւններուն մասին:

Լիվըրփուլի եւ Համպուրկի աստղը շատ յառաջացած քաղցկեղէ կը տառապի: Ան Նիւքեսըլի մէկ թատրոնին մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ մեծ թիւով ներկաներու առջեւ: Քիկընի ընտանիքը նախապէս յայտնած էր անցեալ յունուարին, թէ ան միշտ փորի ցաւեր կ՛ունենար:

«Ինքնաշարժի արկած ունեցայ եւ պէտք ունէի վիրաբուժութեան», բացատրեց Լիվըրփուլի եւ Նիւքեսըլի մարզիկը: «Քննութիւններու պահուն, վիրաբուժութենէն առաջ երեւան ելաւ, որ քաղցկեղ ունիմ: Ըսին, որ մասնագէտ բժիշկ ունին զիս բուժելու համար Դ. աստիճանի քաղցկեղէն»:

Ապաքինելու յոյսերը 33 տոկոս էին ըստ բժիշկին. «Ես կը կարծէի, թէ 80 կամ 90 տոկոս պիտի ըլլան յոյսերը, բայց… տակաւին առայժմ հոս եմ»:

Քիկըն Լիվըրփուլի շապիկը կրած է 1971-էն 1977` մասնակցելով 230 մրցումներու, ուր նշանակած է 68 կոլ, երեք անգամ շահելով Անգլիոյ ախոյեանութիւնը (այժմ «Փրեմիեր լիկ»), Եւրոպայի ախոյեան խումբերու բաժակը («Չեմփիընզ լիկ») եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը (այժմ «Եուրոփա լիկ»):

Ան 3 տարի խաղցած է Գերմանիոյ Համպուրկ ակումբին հետ` շահելով «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը եւ շահելով «Պալոն տ՛օր»-ը 2 յաջորդական տարիներ` 1978-ին եւ 1979-ին:

Ան իր ֆութպոլիստի ասպարէզին ընթացքին խաղցած է նաեւ Սաութհեմփթընի եւ Նիւքեսըլի հետ` աւելի ուշ դառնալով Նիւքեսըլի, Ֆուլհամի, Անգլիոյ ազգային խումբի, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Նիւքեսըլի մարզիչ (2008-ին)` հեռանալով ֆութպոլէն: Ան 1995-1996 տարեշրջանին շատ մօտ էր «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը շահելու (Նիւքեսըլի հետ), բայց Մանչեսթըր Եունայթըտ վերջին օրը խլեց տիտղոսը:

 

Leave a Comment