2025-2026 Տարեշրջանին. Մխիթարեան Եւ Տիկնիզեան Շատ Յաջող Ելոյթներ Ունեցան

2025-2026 ֆութպոլի տարեշրջանը արդէն իսկ աւարտած է Եւրոպայի մէջ, եւ անիկա արտերկրի մէջ հանդէս եկող հայ ֆութպոլիստներուն համար իրապէս յաջող տարեշրջան մըն էր:

Քանի մը մարզիկներ տարին աւարտեցին ակումբային տիտղոսներով, իսկ երկուքը տուպլէ մը իրագործեցին:

Յատկապէս լաւ տարեշրջան ունեցան Հենրիխ Մխիթարեան եւ Նայիր Տիկնիզեան: Երկուքն ալ իրենց ակումբներուն հետ շահեցան ազգային ախոյեանութիւնն ու երկրի բաժակները` ամբողջացնելով իրենց անձնական տիտղոսներու հաւաքածոն:

Ինթեր Միլանի միջնապահ Մխիթարեան կրցաւ շահիլ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ն եւ Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքը: Մխիթարեանի համար ասիկա պսակումն է իր փայլուն ասպարէզին` բարձրագոյն մակարդակով: Նոյնիսկ 37 տարեկանին ան կը շարունակէ մնալ Իտալիոյ ամէնէն զօրաւոր ակումբներէն մէկուն կարեւոր մասը եւ կը շարունակէ տիտղոսներ շահիլ Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններէն մէկուն մէջ: Մխիթարեանի պայմանագիրը Ինթերի հետ արդէն իսկ աւարտած է, սակայն ան կրնայ երկարաձգել զայն մէկ տարեշրջանով:

Ոսկի տուպլէ իրագործեց նաեւ Նայիր Տիկնիզեան Սերպիոյ Կարմիր Աստղ Պելկրատի հետ` շահելով երկրի ախոյեանութիւնն ու բաժակի տիտղոսը:

Տիկնիզեանի համար այս տարեշրջանը կարեւոր փուլ էր սերպական լաւագոյն ակումբին միանալէ ետք, հայ ֆութպոլիստին համար այս երկու նշանակալի տիտղոսները եղան անոր առաջին նուաճումները` իբրեւ երկրի ախոյեան:

Տիգրան Բարսեղեան Սլովաքիոյ ախոյեան դարձաւ 5-րդ անգամ ըլլալով` Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ: Ան Սլովաքիա չտեղափոխուած արդէն իսկ ախոյեան դարձած էր Մակեդոնիոյ մէջ եւ նուաճած Ղազախստանի բաժակը:

Լուքա Զելարայեան Արժանթինի մէջ կրցաւ շահիլ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի ախոյեանութիւնը` «Ափերթուրա 2026»-ը:

Իբրեւ խմբապետ ան Պելկրանոյի հերոսներէն էր, որ Քորտոպայի շրջանի ներկայացուցիչ էր եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ ախոյեանութեան:

Հայ ֆութպոլիստը ոչ միայն ախոյեանութեան տիտղոսը շահեցաւ, այլ նաեւ Պելկրանոյի  անունը անցուց Արժանթինի ֆութպոլի պատմութեան էջերուն մէջ:

Հայկ Մուսախանեան Պաթէի հետ նուաճեց Պիելոռուսիոյ բաժակի մրցաշարքը: Ախոյեանութիւնը տակաւին չէ հասած իր աւարտին, բայց յետսապահ Մուսախանեան արդէն իսկ դարձած է երկրի բաժակակիր:

Միլան Գարիբեան կրնայ ախոյեանութեան տիրացող մարզիկներուն միանալ: Քլերմոն Ֆութ 19 տարեկանէն վար խումբի միջնապահ Գարիբեան իր խումբին հետ հասած է ախոյեանութեան աւարտականին: Աւարտականին Քլերմոն Ֆութ պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) խումբին դէմ: Յաղթանակի պարագային, Գարիբեան յաջորդ տարեշրջանին պիտի մասնակցի երիտասարդներու «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին:

Էդուարդ Սպերցեան առանց տիտղոսներու աւարտեց տարեշրջանը, հակառակ անոր որ մօտ էր երկու տիտղոսներ շահելու: Ռուսիոյ ախոյեանութեան վերջին 2 հանգրուաններուն է, որ Կրասնոտար կորսնցուց տիտղոսը, մինչ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին` Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Սպերցեան փենալթիներով միայն կորսնցուց Կրասնոտարի հետ` Սպարտակ Մոսկուայի դէմ:

Leave a Comment