Մարզական աշխարհին մէջ կան անհատական եւ խմբային մարզաձեւեր: Անհատական մարզախաղերը աւելի արդար կրնան ըլլալ այն իմաստով, որ եթէ լաւ խաղաս, կրնաս յաղթել, եթէ սխալ գործես, դուն կը կրես այդ սխալին հետեւանքը:
Խմբային մարզաձեւերը շատ աւելի դժուար կրնան ըլլալ, երբ օրինակ ֆութպոլի մարզաձեւերէն 10 մարզիկներ լաւ կը խաղան, բայց 1 մարզիկի սխալէն կրնայ տուժել ամբողջ խումբը:
Երբեմն կը մասնակցիս Մոնտիալի կամ միջազգային որեւէ մրցաշարքի միջակ խումբով, կրնաս հանդիպիլ մրցակիցներու, որոնք կա՛մ լաւ օրերու մէջ չեն ըլլար, կա՛մ կախակայուած ու վիրաւոր մարզիկներ կ՛ունենան, կրնաս օգտուիլ այդ բոլորէն եւ առիթէն օգտուելով շահիլ նոյնիսկ մրցաշարքի տիտղոսը:
Շատ անգամներ եղած են շատ զօրաւոր խումբեր, որոնք թեկնածու եղած են շահելու այդ տարուան մրցաշարքը կամ տիտղոսը, բայց յուսախաբ մնացած զանազան պատճառներով: Կա՛մ մրցակիցին «տկար աչքով նայելու», կա՛մ իրաւարարներու սխալներուն, կա՛մ պարզապէս մրցակիցի աւելի լաւ խաղալուն, կա՛մ ալ աւելի «տիտղոսին անօթի» ըլլալուն պատճառով:
Միշտ չէ, որ գեղեցիկ ֆութպոլ խաղցող խումբը կամ աստղերով հարուստ խումբը շահած է եւ պիտի շահի Մոնտիալը:
Կարեւոր է առիթէն օգտուիլը, քիչ սխալ գործելը եւ բախտը անշուշտ: Ո՞վ չի յիշեր 1974-ի Մոնտիալը, որուն ընթացքին Նետերլանտներու խումբը «ամբողջական ֆութպոլ» կը խաղար Ռինուս Միքելսի հետ, բայց չկրցաւ տիտղոսակիր դառնալ: Աւելի ետեւ երթալով` 1954-ին Հունգարիոյ հռչակաւոր Ֆերենց Փուշքաշի, Սանտոր Քոչիշի, Նանտոր Հիտեքութիի փայլուն ելոյթները…
1982-ի Պրազիլի գեղեցիկ ֆութպոլը Զիքցի, Սոքրաթեսի, Ֆալքաոյի, Էտիրի եւ Ճունիորի գլխաւորութեամբ: Ցանկը կրնայ երկարիլ, բայց այս անունները պարզապէս իբրեւ փաստ են, որ միշտ թեկնածուն կամ գեղեցիկ ֆութպոլը չէ, որ կը յաղթէ կամ պիտի յաղթէ: Կարեւորագոյն բանը եղած է առիթէն օգտուիլը եւ քիչ սխալ կատարելը:
