Հայ ազգը իր պատմութեան զանազան փուլերուն եղած է վերապրող ժողովուրդ մը: Փաստերու լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը:
1915-ին սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին վրայ: Ապագան մութ եւ անորոշ կը թուէր, իսկ գոյութեան վտանգը օրէ օր կը սաստկանար: Չկար ելք մը, որ կրնար փրկել հայ ժողովուրդը այս ծանր կացութենէն…
Մայիս 1918-ին հայոց աշխարհին վրայ ծագեցաւ նոր արշալոյս մը` ազատութեան նշոյլով, որ փշրեց ստրկութեան, յանձնումի ու բռնապետութեան բոլոր շղթաները եւ դարձաւ մեր այսօրուան գոյութեան գլխաւոր առանցքը: Եթէ մայիսեան հերոսամարտերը տեղի չունենային, եթէ այդ օրուան մեր «խենթերը» իրենց սեփական բազուկով հնարը չգտնէին, ապա Թուրքիա պիտի յաջողէր իրագործել իր թուրանական ծրագիրը, եւ հայ ժողովուրդը պիտի կրէր բազմաթիւ այլ հետեւանքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 108 տարիներ ետք մայիս 28-ի յաղթանակի խորհուրդը տարբեր կը հնչէ: Վտանգուած են Հայաստանի սահմանները, խախտած է Եկեղեցի-պետութիւն ամուր հիմքը, տկարացած է միասնական ոգին, եւ սաստկացած է թուրքին յանձնուելու քարոզարշաւը:
108 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը թեւակոխեց պատմութեան նոր փուլ մը, կերտեց անկախ պետութիւն, ուր քար առ քար շէնցաւ երկիրը, եւ դաստիարակուեցան ապագայ հայ սերունդներ, որոնք դարձան մեր ազգի փարոսը: Սակայն այսօր ի՞նչ կը կատարէ գահին նստած Հայաստանի իշխանութիւնը:
Ազատութիւնը չի տրուիր, այլ դուն կ՛առնես: Ճիշդ է, որ խաղաղութեան մէջ ապրիլը կամ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններու մէջ ճանչցուած է իբրեւ արդար իրաւունք, սակայն կարգ մը պայմաններու մէջ ազգ մը կը ստիպուի «ըմբոստանալու» եւ խլելու զայն իր սեփական բազուկով, մանաւանդ երբ այդ պահանջը անտեսուի կամ չկատարուի: 1918-ին մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ հայերը կարողացան պահել իրենց ինքնութիւնը, պարտադրել իրենց ինքնորոշման իրաւունքը եւ կերտել ազատ ու անկախ Հայաստանը` խաղաղ երկնքի տակ: Դժբախտաբար այսօր պատկերը փոխուած է: Մեր արդար իրաւունքը պաշտպանելու փոխարէն` այսօրուան իշխանութիւնը կը դիմէ զիջումնային եւ յանձնուողական քաղաքականութեան, որպէսզի յաջորդող սերունդները «խաղաղ» ապրին: Նախորդ փորձառութիւնները վկայեցին, թէ զիջումը մեզ կ՛առաջնորդէ թէ՛ յուսալքումի, թէ՛ հիասթափութեան: Նիկոլ Փաշինեան վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն յաճախ կը յայտնէ յաւելեալ 3 միջերկիրներ յանձնելու իր պատրաստակամութիւնը: Ոեւէ հայ անհատ, որ կ՛ուրանայ իր երկրի տարածքները, կը նշանակէ, թէ ան արդէն վաղուց ուրացած է իր ինքնութիւնը: Բոլորս ալ կ՛ուզենք խաղաղութեան մէջ ապրիլ եւ ապահովել մեր յաջորդ սերունդներուն պայծառ ապագան, սակայն այդ պէտք է կատարուի արժանավայել ձեւով եւ ոչ թէ զիջումներու ճամբով:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն առաջ եւ ետք Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին միշտ ալ եղած է հայ ժողովուրդի միասնութեան խորհրդանիշը եւ հոգեւոր յենասիւնը: Այսօր Փաշինեանի վարչախումբը կը փորձէ տկարացնել Եկեղեցի-պետութիւն կապը` նպատակ ունենալով պառակտել հայ ժողովուրդը: Ակնյայտ է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը` ժողովուրդը զանազան մասերու բաժնել, որպէսզի դիւրութեամբ տարածքներ յանձնէ: Անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ միասնական ժողովուրդը կրնայ յաղթել նոյնիսկ անկարելիին:
Իշխող վարչախումբը յանձնուողական քաղաքականութենէ անդին` կը կիրարկէ թրքացման քաղաքականութիւն եւս: Քարոզարշաւի ընթացքին անոր թիրախը դարձած են ապագայ նոր սերունդները եւ կրթական հաստատութիւնները: Այս կը նպատակադրէ նոր սերունդին մօտ չէզոքացնել պահանջատիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգին եւ բաժանարար գիծեր սահմանել խաղաղութեան ու ազատութեան միջեւ:
Հայաստանի այսօրուան կացութիւնը եւ յատկապէս ընտրական ժամանակաշրջանը մեզի կը յիշեցնեն 108 տարիներ առաջ տեղի ունեցած դէպքերը: Քարոզարշաւները, մրցակցութենէ աւելի, եղած են բուռն պայքարի հրապարակներ, ուր Փաշինեան իր հայհոյախառն ոճով օրէ օր կը սպառնայ հայ ժողովուրդի գոյութեան ու անվտանգութեան: Արտաքին ճակատը փոխարինուած է ներքին ճակատներով: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը յստակօրէն ունի թրքական շահերը իրագործելու ծրագիր եւ յանձնած է Հայաստանի տարածքները` «խաղաղութիւն» քարոզելով, սակայն` բառացի խաղաղութիւն միայն, որ հիմնուած է յանձնուելու եւ թուրքին հետ եղբայրանալու սկզբունքով: Անդին` ընդդիմադիր ուժեր ժողովուրդը կը հրաւիրեն զգաստանալու եւ յիշելու, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ցեղասպան ժողովուրդներ են, ուստի կարելի չէ անոնց հետ բարիդրացնութիւն կատարել եւ խաղաղ ապագայ կառուցել:
«Զանգե՜ր, ղօղանջէ՛ք, սրբազան քաջերին կանչէք»:
Այո՛, այսօր եւս Հայաստան կարիքը ունի այդ զանգերու ղօղանջին` երկրին մէջ կասեցնելու թրքական ոտնձգութիւնները եւ կերտելու նոր Հայաստան մը, որ լեցուն է հայկական ոգիով եւ արդար իրաւունքներով: Այսօր մենք կարիքը ունինք ա՛յն քաջերուն, որոնք պիտի հնչեցնեն ահազանգը եւ վերակենդանացնեն հայ ժողովուրդին կամքն ու պայքարի ոգին` մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու: Ա՛յն քաջերը, որոնք պիտի մերժեն Թուրքիոյ լուծին տակ ապրիլ: Ա՛յն քաջերը, որոնք միասնական բռունցքով պիտի կերտեն վաղուան փայլուն ապագան:
Այսօր Հայաստան կը գտնուի խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին: Հայ ժողովուրդը կանգնած է վճռական որոշումներու դէմ յանդիման: Յիշենք Հայաստանի տիքթաթոր Արամ Մանուկեանի խօսքերը, ուր կ՛ըսէ, թէ` մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միայն մեր ուժերուն վրայ: Այսօր, աւելի քան երբեք, պահն է որոշելու մեր ազգի ճակատագիրը: Ուղիները յստակ են` կա՛մ մեր սեփական ձեռքով մեր Դատը թաղել, կա՛մ հզօր եւ անվտանգ ապագայ կերտել: Ժողովուրդը պիտի որոշէ, թէ կ՛ուզէ ապրիլ ազատ, անկախ եւ անվտա՞նգ Հայաստանի մէջ, թէ՞ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մէջ:
