Ֆրանսայի փոխախոյեան Լանս ակումբը իր 120 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակը` աւարտականին յաղթելէ ետք Նիսին, 3-1 արդիւնքով:
2018-էի ի վեր ակումբի նախագահն է ծագումով լիբանանահայ Ժոզեֆ Ուղուրլեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԲԸՄ-ի Բրիտանիոյ փոխնախագահն է եւ կը բնակի Լոնտոն: