Ալեն Փրոսթ Կողոպուտի Ենթարկուեցաւ Եւ Վիրաւորուեցաւ

«Ֆորմիւլա 1»-ի պատմական վարորդներէն Ալեն Փրոսթ (71 տարեկան), որ իր մօր կողմէ հայկական արմատներ ունի, կողոպուտի ենթարկուեցաւ Զուիցերիոյ իր տան մէջ:

Արդարեւ, 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Փրոսթ, որ կը բնակի Զուիցերիոյ Ժընեւի լիճին մօտ, կողոպտուեցաւ, երբ քանի մը գողեր մուտք գործեցին իր բնակած դղեակը եւ զէնքի ուժով բանալ տուին գանձարկղը:

Ըստ զուիցերիական լուրերու «Պլիք» կայքին, դիմակաւոր քանի մը զինեալներ առաւօտեան ժամը 8:30-ին յարձակում գործեցին տան վրայ: Յստակ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, թէ անոնք ի՛նչ ձեւով ներս կրցան մտնել:

Ալեն Փրոսթ գլխէն թեթեւ վէրք մը ստացած է, մինչ զինեալները իր մէկ տղուն միջոցով պարտադրած են ընտանիքին գանձարկղը բանալ: Յստակ չէ, թէ ի՛նչ գողցած են, հակառակ անոր որ կարգ մը աղբիւրներ յայտնած են, թէ ժամացոյցներու արժէքաւոր հաւաքածոյ մը եղած է թիրախը:

Ոստիկանութիւնը խուզարկութեան արշաւի ենթարկած է ամբողջ շրջանը, բայց նկատի ունենալով, որ գողերը կրնան Ֆրանսա անցած ըլլալ, հոն ալ տեղի կ՛ունենան խուզարկութիւններ:

Ալեն Փրոսթ «Ֆորմիւլա 1»-ի պատմական վարորդներէն մէկը եղած է` շահելով 4 տիտղոսներ 1985-ին, 1986-ին, 1989-ին եւ 1993-ին: Ան 51 կրան փրիներ շահած է իր մասնակցած 199 մրցումներուն: Ան գլխաւոր մրցակիցն էր Այրթոն Սեննայի: 1980-ականներուն եւ 1990-ականներուն պայքարող հիմնական զոյգն էին, որոնք «Ֆորմիւլա 1»-ի համակիրներուն ուշադրութիւնը գրաւած էին:

 

 

Leave a Comment